Ո­ՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ Կ՚ՈՂ­ՋՈՒ­ՆԷ ԱՆ­ԳԱ­ՐԱ­ՅԻ ԵՒ Ե­ՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ՅԱ­ՏՈՒԿ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒ­ՑԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒ­ՄԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ողջունեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ սահմանին վրայ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը։ Ուաշինկթըն այդ մէկը կ՚որակէ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ դրական քայլ մը։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութենէն պատասխանեցին այս նիւթին վերաբերեալ «Անատոլու» գործակալութեան հարցման, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։

Ուաշինկթընէն անդրադարձած են նաեւ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման շուրջ բանակցային գործընթացին։ «Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն զգալի յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման հարցին մէջ եւ ԱՄՆ վճռակամ է՝ այդ գործընթացին աջակցելու», դիտել տրուեցաւ պետական քարտուղարութեան կողմէ։

Միւս կողմէ, պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթելն ալ այլ հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ այն հայ ռազմագերիներուն եւ պատանդներուն, որոնք կը մնան Ատրպէյճանի մէջ։ Այս կապակցութեամբ ան դիտել տուաւ, որ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն կը շարունակէ խորապէս ներգրաւուած մնալ՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուած հայ գերիներու վերադարձի հարցին։

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2024