ՀԱՐ­ՑԱԶ­ՐՈՅՑ՝ ՓՐՈՖ. ՅԱՍ­ՄԻԿ ԻՆ­ՃԷ­ՃԻ­ԿԵԱ­ՆԻ ՀԵՏ

Մոնթ­րէա­լի մէջ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րի 27-ին «Փո­լաք Հո­լ­»ի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու վաս­տա­կին նուի­րուած հա­մերգ մը, գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ե­րա­ժիշտ եւ դա­սա­խօս Յաս­միկ Ին­ճէ­ճի­կեա­նի։ Ստո­րեւ՝ Գա­նա­տա­յի «Ա­պա­գայ» օ­րա­թեր­թէն քա­ղե­լով կը ներ­կա­յաց­նենք այս հա­մեր­գին ման­րա­մաս­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ Յաս­միկ Ին­ճէ­ճի­կեա­նի հետ կա­տա­րուած հար­ցազրոյ­ցը։

*

-Ին­չո՞ւ հա­մար այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։

-Ի­րա­պէս, ին­չո՞ւ հա­մար, երբ լրիւ տա­րի մը այս ժո­ղո­վուր­դը յա­գե­ցաւ բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­ժանր մշա­կու­թա­յին թէ ե­րաժշ­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րով, ին­չո՞ւ այս մէ­կը։

Նախ, ը­սեմ որ, գո­նէ Մոնթ­րէա­լի մէջ, մինչ օրս չյի­շե­ցինք ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած այն սե­րուն­դը, ո­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կա­մուրջ մը հան­դի­սա­ցան կոր­սուա­ծին՝ եւ նոր պայ­ման­նե­րուն մի­ջեւ։ Կա­մուր­ջի մը քան­դու­մը, ո­ր զայն գոր­ծադ­րո­ղին հիմ­նա­կան նպա­տակն էր, այ­սինքն՝ խզել մշա­կու­թա­յին կա­պը այս ժո­ղո­վուր­դին իր ան­ցեա­լի մշա­կոյ­թին հետ։ Վե­րապ­րող սե­րուն­դը՝ անհ­նա­րին կա­ցու­թիւն­ներ յաղ­թա­հա­րե­լով կրցաւ ը­սել.- ես կը յի­շեմ, ոչ միայն կը յի­շեմ, այլ նաեւ կրնամ ստեղ­ծա­գոր­ծել իմ նա­խա­հայ­րե­րուս ե­րաժշ­տա­կան լե­զուով, կրնամ նո­րո­գել փլած եւ փլցուե­լիք կա­մուրջ­նե­րը եւ մշա­կու­թա­յին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել։

Այ­սօր, սա­կայն ե­ղեռ­նը ի­րա­գոր­ծո­ղը չէ որ կը փոր­ձէ փլցնել այդ կա­մուրջ­նե­րը, մենք ենք, մեր ան­տար­բե­րու­թեամբ, մեր օ­տա­րա­մո­լու­թեամբ, մոռ­նա­լով այն ժա­ռան­գը, որ այդ սե­րուն­դը ստեղ­ծեց մե­զի հա­մար վե­րա­նո­րո­գե­լով կա­մուրջ­նե­րը։

Այս ծրագ­րի ա­ռա­ջին նպա­տակն է վե­րապ­րող ե­րա­ժիշտ­նե­րու եր­գա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը վե­րա­դարձ­նել մեր նոր սե­րուն­դին։ Այս­պէ­սով, կը յու­սանք, որ ոչ միայն Կո­մի­տա­սեան եւ Սա­յաթ Նո­վեան եր­գե­րը, այլ նաեւ Ա­լէմ­շա­հնե­րու, Պէր­պէ­րեան­նե­րու, Կա­նա­չեան­նե­րու, Պէ­տէ­լեան­նե­րու, Մե­սու­մենց­նե­րու եւ այլ բազ­մա­թիւ ա­րեւմ­տա­հայ եր­գա­հան­նե­րու ստեր­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը մեր եր­գիչ­նե­րու հա­մեր­գա­յին ծրագ­րե­րուն մէջ մնա­յուն տեղ ու­նե­նան։

Երկ­րորդ նպա­տակն է, իր ար­դիա­կան վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեամբ, դիւ­րաց­նել ոչ-հայ եր­գիչ-երգ­չու­հի­նե­րուն հա­մար այս եր­գա­ցան­կին տի­րա­պե­տե­լու մի­ջո­ցը. փոր­ձա­ռու­թեամբ կ՚ը­սենք, ա­նոնք յա­ճախ ու­զած են այս եր­գե­րը սո­րվիլ, սա­կայն ան­մատ­չե­լի ըլ­լալ­նուն հա­մար դժուա­րա­ցած են եւ կամ կա­խեալ ե­ղած են ի­րենց ու­սու­ցի­չէն։

-Ի՞նչ հի­ման վրայ ո­րո­շած էք ներ­կա­յաց­նել այս ե­րա­ժիշտ­նե­րուն գոր­ծե­րը։

-Ինչ­պէս ը­սի, այս ե­րա­ժիշտ­նե­րու ընտ­րու­թիւ­նը ա­նոնց յե­տե­ղեռ­նեան սե­րուն­դին պատ­կա­նե­լիու­թիւնն էր, յատ­կա­պէս ա­նոնք, ո­րոնք ճա­շա­կե­ցին տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը, կորսն­ցու­ցին ըն­տա­նիք, տուն ու բնա­կա­վայր։ Հասկ­նա­լի է, որ ցան­կը ամ­բող­ջա­կան չէ եւ թէ ծրագ­րի հա­ւա­նա­կան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան պա­րա­գա­յին պէտք է տա­կաւ ամ­բող­ջա­ցուի։ Ան­կաս­կած, այս ծրագ­րի մէջ նե­րառ­ուե­լիք շատ գե­ղե­ցիկ կտոր­ներ կան, սա­կայն ան­կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար այդ բո­լո­րը մէկ ան­գա­մէն հրամց­նել եւ հրա­տա­րա­կել։

Պէտք է խոս­տո­վա­նիմ, որ Կո­մի­տա­սի եր­գե­րը այս ծրագ­րի մէջ մտան գոր­ծա­կից­նե­րուս խնդրան­քով, ա­ւե­լի շատ պա­հանջ­քով։ Սա ցոյց կու տայ, որ Կո­մի­տաս ար­դէն իր ար­դար տե­ղը գրա­ւած է մի­ջազ­գա­յին եր­գա­րուես­տին մէջ։

Կը մնար, որ այդ եր­գերն ալ ներ­կա­յա­ցուէին ար­դիա­կան ո­ճով։

-Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի ե­ղաւ սոյն ե­լոյ­թը ծրագ­րել Մըք­Կիլլ հա­մալ­սա­րա­նի ե­րաժշ­տա­նո­ցին հետ։

-Եր­գե­րը նոր սե­րուն­դին փո­խան­ցել էր մեր նպա­տա­կը. երբ կա­րե­լի չե­ղաւ այդ մէ­կը ի­րա­կա­նաց­նել, դի­մե­ցի Մըք­Կիլլ ե­րաժշ­տա­նո­ցի առ­ժա­մեայ տնօ­րէ­նին՝ Փի­թըր Ֆրի­մը­նին, որ ծա­նօ­թա­նա­լով ծրագ-­րի մտքին եւ էու­թեան, ան­մի­ջա­պէս ա­ռա­ջար­կեց իր ան­սա­կարկ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը՝ ծրագ­րի յա­ջո­ղու­թեան։

Մըք­Կիլլ Շու­լիհ ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցին կող­մէ ե­րաժշ­տա­նո­ցի անձ­նա­կազ­մին տա­րե­կան չորս ձեռ­նարկ-հա­մերգ վե­րա­պա­հուած է, զեղ­չուած սա­կով գոր­ծա­ծե­լու Pollack կամ Redpath սրահ­նե­րը։ Այս դրու­թե­նէն օգ­տուե­լու հա­մար պէտք ե­ղած դի­մում­նա­գի­րը պատ­րաստո­ւե­ցաւ եւ սրա­հը տրա­մադ­րուե­ցաւ մե­զի, որ­պէս ե­րաժշ­տա­նո­ցի ու­սու­ցիչ, staff and guest artists ա­նու­նին տակ։ Այս­պէ­սով, սոյն հա­մեր­գը կը ներ­կա­յաց­նէ Մըք­Կիլլ ե­րաժշ­տա­նո­ցը՝  The Vocal Art of Armenian Composers ա­նու­նին տակ։

-Ի՞նչ կ՚ակն­կա­լէք սոյն ծրագ­րէն։

-Ծրա­գի­րը ու­նի եր­կու գլխա­ւոր բա­ժին՝ զանց առ­նե­լով նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը. ե­րա­ժիշտ­նե­րու եւ եր­գե­րու ընտ­րու­թիւն, կեն­սագ­րա­կան տուեալ­ներ, ծա­նօ­թու­թիւն եր­գե­րու ստեղծ­ման եւ յա­րա­կից տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը։ Հա­մեր­գը՝ ո­րու մա­սին վե­րը բա­ւա­րար տե­ղե­կու­թիւն տրուե­ցաւ, ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է հրա­տա­րա­կու­թեան բա­ժի­նը, ո­ր ծ­րագ­րի կէսն է ե­թէ ոչ ա­ւե­լին։

Այս բաժ­նին ի­րա­գործ­ման մէջ է, որ կրնանք ակն­կա­լե­լիք ու­նե­նալ։ Տաս­նեօթ երգ ընտ­րուած վե­րը նշուած ե­րա­ժիշտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն՝  typesetting-ով գրուե­ցան։ Ի դէպ, այս եր­գե­րէն եր­կու­քը մշա­կուե­ցան Միհ­րան Է­սէ­կիւ­լեա­նի կող­մէ, մին թե­նո­րի եւ դաշ­նա­մու­րի հա­մար, իսկ միւ­սը՝ acapella հինգ ձայ­նի հա­մար։ Ա­սոնք ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի ունկնդ­րուին Գա­նա­տա­յի մէջ եւ հա­ւա­նա­բար նաեւ այ­լուր։

Այս աշ­խա­տան­քին մաս կը կազ­մեն բա­ռա­ցի եւ յատ­կա­բա­նա­կան թարգ­մա­նու­թիւն, IPA (մի­ջազ­գա­յին հնչա­կան այ­բու­բեն), բա­նաս­տեղ­ծա­կան միտք, եր­գի մա­սին յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ յօ­րի­նո­ղի կեն­սագ­րա­կան տուեա­նե­րը։ Դիւ­րին չէր այս բո­լո­րը հա­ւա­քել, մա­նա­ւանդ երբ նկա­տի առ­նենք մեր ցրուա­ծու­թիւ­նը եւ ար­խի­ւա­յին ցան­ցի մը կամ կեդ­րո­նա­կան գրա­սե­նեա­կի մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը։

Ի վեր­ջոյ, կ՚ակն­կա­լենք, որ այս մար­զին մէջ հայ թէ օ­տար եր­գա­րուես­տի մէջ պատ­րաս­տուող տղա­քը, ինչ աս­տի­ճա­նի վրայ ալ գտնուին, օգ­տուին թէ՛ հա­մեր­գէն եւ թէ հրա­տա­րա­կու­թե­նէն։ Ի դէպ, գիր­քե­րը կը ծրագ­րուի ղրկել հիւ­սի­սա­յին Ա­ոե­րի­կա­յի եւ Գա­նա­տա­յի հա­րիւր ե­րաժ­շտա­կան դպրոց­նե­րու գրա­դա­րան­նե­րուն ձրիա­բա­ր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015