ՈՒ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՀԱՍԱՆ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռաւ, երբ Քո­պա­նին ան­ցաւ գրո­հա­յին­նե­րու ձեռ­քը, այդ քա­ղա­քի մէջ գտնուող հինգ հայ ըն­տա­նիք­նե­րը միւս­նե­րու պէս լքե­ցին ի­րենց տու­նե­րը: Մէկ ըն­տա­նիք Ֆրան­սա փո­խադ­րուե­ցաւ, իսկ Թո­վմա­սեան ե­րեք եղ­բայր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը եւ հայ ըն­տա­նիք մը եւս հան-գը­րւա­նե­ցին Թուր­քիոյ Սու­րու­չի գաղ­թա­կա­նաց ճամ­բա­րին մէջ: Տասն­մէկ ա­միս այդ ճամ­բա­րին մէջ մնա­լէ ետք ե­րէկ Լե­ւոն, Սե­րովբ եւ հան­գու­ցեալ Յով­սէփ Թո­վմա­սեան­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը վեր­ջա­պէս հա­սան Հա­յաս­տան: Օ­դա­կա­յա­նին մէջ ա­նոնց կը սպա­սէր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեան: Ինչ­պէս նաեւ դի­մա­ւո­րե­լու ե­կած էին Թո­վմա­սեան­-նե­րու հա­յաս­տա­նաբ­նակ հա­րա­զատ­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն, «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թե­նէն եւ «Ա­ռա­քե­լու­թիւն Հա­յաս­տա­ն» բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Մեզի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ը­սաւ, որ երբ ի­րենց այ­ցե­լած է Սու­րու­չի գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ եւ ի­րենք փա­փաք ու­նե­ցած են տե­ղա­փո­խուե­լու Հա­յաս­տան, ան կապ հաս­տա­տած է Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց եւ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու հետ ու դա­սա­ւո­րած՝ ա­նոնց Հա­յաս­տան փո­խադ­րու­թիւ­նը: Հա­յաս­տա­նի մէջ Թո­մա­սեան­նե­րու սկզբնա­կան կե­ցու­թեան ծախ­սե­րը ստանձ­նած է «Ա­ռա­քե­լու­թիւն Հա­յաս­տան» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը:

«Ա­ռա­քե­լու­թիւն Հա­յաս­տան» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ե­րէկ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներն ու ա­նոնց հա­յաս­տա­նաբ­նակ հա­րա­զատ­նե­րը տե­ղա­փո­խեց Թո­վմա­սեան­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ցա­րան՝ Եր­րորդ գիւղ ա­րուար­ձա­նի մէջ գտնուող Նո­րվե­կա­կան կո­չուող թա­ղա­մաս:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ նոյն­պէս ըն­տա­նի­քին հետ այ­ցե­լեց կա­ցա­րան, ուր ծա­նօ­թա­ցանք ա­նոնց ապ­րե­լու պայ­ման­նե­րուն եւ խնդիր­նե­րուն:

Թա­ղա­մա­սը կը գտնուի Ե­րե­ւա­նէն քիչ մը հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, ուր փոք­րիկ գիւ­ղա­կի մէջ, նո­րվե­կա­ցի­նե­րը կո­կիկ տու­ներ կա­ռու­ցած են մաս­նա­ւո­րա­պէս փախս­տա­կան­նե­րու հա­մար:

Թո­վմա­սեան­նե­րուն յանձ­նուե­ցաւ չորս ննջա­րա­նով եւ մէկ հիւ­րա­սե­նեա­կով, խո­հա­նո­ցով եւ եր­կու լուա­ցա­րա­նով միա­յար­կա­նի նոր բնա­կա­րան մը, որ ու­նի բակ եւ խա­ղա­վայր, ուր պզտիկ­նե­րը կրնան խա­ղալ:

Ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը շատ գոհ մնա­ցին եւ ի­րենց շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին Ա­րամ Սրբա­զա­նին, որ նկա­տի ա­ռաւ ի­րենց խնդրան­քը եւ կազ­մա­կեր­պեց ի­րենց Հա­յաս­տան փո­խադ­րու­թիւ­նը:

Ըն­տա­նի­քի հարս­ե­րէն Է­լիա Թո­վմա­սեան ը­սաւ, որ շատ դժուար ա­միս­ներ ան­ցու­ցած են մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին։ Նախ պա­տե­րազ­մի սար­սափ­նե­րը, յե­տոյ տու­նե­րու լքու­մը, գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ դժուա­րու­թիւն­նե­րը, իսկ այ­նու­հե­տեւ իր ա­մու­սի­նին սպա­նու­թիւ­նը յու­սա­հա­տու­թեան մատ­նած են ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը: Ինչ­պէս յայտ­նի է՝ Յով­սէփ Թո­վմա­սեան եր­կու ա­միս ա­ռաջ փոր­ձած է եր­թալ եւ տես­նել ի­րենց տու­նե­րը, սպան­նուած է գրո­հա­յին­նե­րու կող­մէ: Ինչ­պէս ը­սաւ Է­լիան, ի­րենց գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ միայն կ՚ե­րա­զէին Հա­յաս­տան հաս­նե­լու եւ հոն ա­պաս­տա­նե­լու մա­սին:

«Ա­ռա­քե­լու­թիւն Հա­յաս­տա­ն» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կա­ցա­րա­նը տրա­մադ­րած է միայն եր­կու շաբ­թուան հա­մար, այ­նու­հե­տեւ ըն­տա­նի­քը վար­ձու տուն մը պի­տի փնտռէ: Կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուն ը­սաւ, որ մին­չեւ այս տա­րուան վեր­ջը պատ­րաստ են վճա­րել ըն­տա­նիք­նե­րուն բնա­կա­րան­նե­րուն վար­ձքը` ա­մէն մէկ ըն­տա­նի­քի հա­մար տրա­մադ­րե­լով 60.000 դրամ: Մինչ այդ, կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն 200.000 դրամ տրա­մադ­րեց՝ յա­ռա­ջի­կայ անհ­րա­ժեշտ ապ­րանք­նե­րու եւ սնուն­դի հա­մար: «Ա­ռա­քե­լու­թիւն Հա­յաս­տա­ն» կա­զա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­նիա Տա­շեան մե­զի յայտ­նեց, որ ի­րենք ա­մէն օր պի­տի այ­ցե­լեն ըն­տա­նի­քին, խորհր­դա­տուու­թիւն պի­տի տրա­մադ­րեն աշ­խա­տանք, բնա­կա­րան փնտռե­լու, պզտիկ­նե­րու դպրո­ցա­կան հար­ցե­րը կար­գա­ւո­րե­լու, ինչ­պէս նաեւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Տղա­քը պատ­րաստ էին դպրոց եր­թա­լու եւ հա­յե­րէն սո­րվե­լու, սո­վո­րա­բար մե­ծե­րը կը խօ­սէին հա­յե­րէն, բայց պզտիկ­նե­րը կը դժուա­րա­նա­յին: Իսկ ըն­տա­նի­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ը­սին, որ պատ­րաստ են աշ­խա­տե­լու ո­րե­ւէ գոր­ծի մէջ:

Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Հա­լէ­պ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նոյն­պէս պատ­րաս­տա­կամ էին ա­ջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րե­լու եւ ա­մէ­նօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով խոր­հուրդ­ներ տա­լու ըն­տա­նի­քին: Նոր յար­կին տակ ա­նոնց միա­ցած էին նաեւ հա­յաս­տա­նաբ­նակ ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րը, ո­րոնք չէին ու­զեր բաժ­նուիլ ի­րենց ազ­գա­կան­նե­րէն:

Թով­մա­սեան­նե­րը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Սու­րու­չի մէջ կայ հայ ըն­տա­նիք մը եւս, ո­ր յա­ռա­ջի­կայ եր­կու շաբ­թուան ըն­թաց­քին կը պատ­րա­տուի տե­ղա­փո­խուիլ Հա­յաս­տան:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015