ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՊՈԼԻՍ ԱՅՑԸ

Իս­թան­պու­լի 14-րդ պիէ­նա­լը Սեպ­տեմ­բե­րի 5-էն սկսեալ պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ ա­րուես­տա­սէր­նե­րը։ Այս տա­րուան պիէ­նա­լը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Ա­ղի ջուր. մտա­պատ­կեր­նե­րու տե­սու­թիւն» խո­րագ­րով։ Ա­րո­ւես­տի հե­ղի­նա­կա­ւոր փա­ռա­տօ­նի շրջագ­ծով պի­տի ըլ­լայ նաեւ հայ­կա­կան ծրա­գիր մը՝ «Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» հիմ­նադ­րա­մի Դի­լի­ջա­նի ա­րուես­տի նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

«2015-ը կը նշա­նա­ւո­րուի Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցով։ Հա­յեր ի սկզբա­նէ այդ­պէս կ՚ա­նուա­նեն Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ ի­րենց ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւը, ի­րա­դար­ձու­թիւն մը, որ ա­ւան­դա­բար կը կա­պուի 1915-ին հետ։ Ուս­տի կա­րե­ւոր է, որ Թուր­քիոյ մէջ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի ցու­ցա­հան­դէ­սը կեդ­րո­նա­նայ հայ­կա­կան հար­ցի վրայ, ինչ­պէս ա­րո­ւես­տի պատ­մա­կան գոր­ծե­րու, այն­պէս ալ ժա­մա­նա­կա­կից նա­խա­գի­ծե­րու մի­ջո­ցով։ Իս­թան­պու­լի 14-րդ պիէ­նա­լի ժա­մա­նակ սա չ՚ար­տա­յայ­տուիր ազ­գա­յին ո­րե­ւէ տա­ղա­ւա­րի եւ հայ­կա­կան բաժ­նի մի­ջո­ցով ներ­կա­յա­ցուող հե­ղի­նա­կա­յին ծրագ­րե­րով, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ ան­հատ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու եւ ա­րուես­տի իւ­րա­յա­տուկ գոր­ծե­րու մի­ջո­ցով, ո­րոնք կար­ծես կ՚ար­ձա­գան­գեն այս պատ­մու­թիւ­նը ու ներ­հիւ­սուած են ամ­բողջ ցու­ցա­հան­դէ­սին», յայ­տա­րա­րեց պիէ­նա­լի ծրագ­րի հե­ղի­նակ Քա­րօ­լին Քրիս­տոֆ-Պա­կար­կիեւ։

Միա­ւո­րե­լով ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը, ո­րոնք Թուր­քիոյ մէջ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն եւ ա­րուես­տի գոր­ծեր կը ստեղ­ծեն հա­յոց պատ­մու­թեան ա­ռըն­չուող նիւ­թե­րով, հայ­կա­կան ծրա­գի­րը կը ներ­կա­յաց­նէ ինչ­պէս սփիւռ­քա­հայ ծա­նօթ եւ նո­րա­յայտ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու, այն­պէս ալ օ­տար­նե­րու ողջ աշ­խար­հէն, ո­րոնց գոր­ծե­րը ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն կը ծա­գին պատ­մու­թեան այդ շրջա­նի, ա­տոր հե­տե­ւանք­նե­րու ար­տա­ցո­լու­մէն ու ներ­կա­յի փոր­ձա­ռու­թե­նէն։

Ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րը վայ­րը մը մէջ կեդ­րո­նա­ցած չեն, այլ ցրուած են Վոս­փո­րի եր­կայն­քով՝ տա­րա­ծուե­լով քա­ղա­քի Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի թան­գա­րա­նէն մին­չեւ «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կը ու ծխա­խո­տի նախ­կին գոր­ծա­րա­նը։ Հայ­կա­կան ծրագ­րի մէջ ընդգր­կուած ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու շար­քին են Վեր­նոն Ահ Քի, Հայկ Այ­վա­զեան, Սօ­նիա Բա­լա­սա­նեան, Ան­նա Պօ­ղի­կեան, Հե­րա Պիւ­յիւք­թաշ­ճեան, Ռէօ­նէ Կապ­րի, Այ­րին Ա­նաս­տաս, Ար­շիլ Կոր­քի, Փոլ Կի­րա­կո­սեան, Մայ­քըլ Ռա­կո­վից եւ Սար­գիս։

«Իս­թան­պու­լի պիէ­նա­լի հայ­կա­կան ծրա­գի­րը կ՚ա­ռա­ջար­կէ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հէնք մը, որ թոյլ կու տայ ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ իւ­րօ­րի­նակ մօ­տե­ցում մը ցու­ցա­բե­րե­լու պատ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ցա­ւոտ խնդիր­նե­րուն՝ տա­նե­լով ա­պա­քին­ման, հաշ­տե­ցու­մի եւ ա­ւե­լի պայ­ծառ ա­պա­գա­յի։ Դի­լի­ջա­նի ա­րուես­տի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հա­մո­զուած է, որ ար­դի ա­րուես­տը անգ­նա­հա­տե­լի կրթա­կան նե­րուժ ու­նի միջմ­շա­կու­թա­յին փո­խըմբռն­ման ձե­ւա­ւոր­ման մէջ, ո­րու հա­մար ալ մենք ու­րախ ենք ա­ջակ­ցե­լու նման ու­շագ­րաւ նա­խագ­ծին», ը­սաւ նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նա­դիր Վե­րո­նի­քա Զո­նա­պենտ։

Հարկ է նշել, թէ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հիմ­նադ­րուած է բա­րե­րար­ներ Վե­րո­նի­քա Զո­նա­պեն­տի եւ գոր­ծա­րար Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի կող­մէ։ Ի­րենց նպա­տակն է հիմ­քեր ստեղ­ծել Դի­լի­ջա­նի եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման հա­մար։

Գա­րա­գիւ­ղի «Վոլթ» պան­դո­կին մէջ ե­րէկ կա­յա­ցած ծա­նօ­թաց­ման  ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ մեր հա­մայն­քէն Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015