ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը, որ օգոստոսի 30-ին ստորագրուած էր, երէկ արդէն հրապարակուեցաւ եւ այս հինգշաբթի՝ սեպտեմբերի 5-ին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ քննարկման կ՚ենթարկուի։ Բաց աստի, այդ փաստաթուղթը Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ ալ կ՚առնուի խոշորացոյցի տակ, իսկ Սահմանադրական ատեանը նոյնպէս կ՚ուսումնասիրէ զայն։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի համաձայնագիրը բաւարար հիմք մըն է Հայաստանէն դուրս բերելու համար Եւրոմիութեան առաքելութիւնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2024