ՍԻՍԻ ՎԱՂԸ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՈՒ ԳԱՅ
Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի վաղը պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի գայ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Տասներկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ Եգիպտոսէն Թուրքիա նախագահի մակարդակով այցելութիւն մը պիտի տրուի։ Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ յաղթահարուած տագնապալի շրջանէն վերջ, Սիսի պաշտօնավարութեան շրջանին առաջին անգամ Թուրքիա պիտի գայ։ Վերջին անգամ 2012 թուականին Թուրքիա այցելած էր Եգիպտոսի այդ ժամանակուան նախագահը՝ Մուհամմէտ Մուրսի, որ 2013-ին գահընկէց եղած էր՝ Սիսիի առաջնորդած պետական հարուածով։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւր ղեկավարը պիտի ընդունուի պետական արարողակարգով։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նախատեսուած է Էրտողանի եւ Սիսիի առանձնազրոյցը։ Երկու նախագահները պիտի գլխաւորեն նաեւ Թուրքիա-Եգիպտոս բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը։ Բանակցութիւններու տեւողութեան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը ձեռք պիտի առնուի բոլոր ծալքերով։ Թուրքիա-Եգիպտոս առեւտուրի ծաւալը ներկայիս կը մօտենայ 10 միլիառ տոլարի ու կողմերը կը ձգտին համագործակցիլ, որպէսզի 15 միլիառ տոլարի նշաձող մը սահմանեն։ Կողմերը պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս նոր քայլեր առնել կը ծրագրեն, իսկ այլ զանազան բնագաւառներու մէջ ալ կը ջանան զարգացնել կապերը. օրինակ՝ զբօսաշրջութիւն, ուժանիւթ եւ հաղորդակցութիւններ։
Երկկողմանի օրակարգին առընթեր, Թուրքիա եւ Եգիպտոս Մերձաւոր Արեւելքի լարուած իրադրութեան վրայ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն։ Կողմերը մասնաւորապէս կանգ կ՚առնեն Կազզէի պատերազմին վրայ՝ Իսրայէլի յարձակումները կասեցնելու հեռանկարներուն առաջնահերթութեամբ։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Սիսիի այցին ընդառաջ նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անոնք անդրադարձան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային իրադարձութիւններու՝ մանաւանդ Պաղեստինի տարածքէն ներս Իսրայէլի իրագործած ցեղասպանութեան։ Էրտողան շեշտեց, որ Իսրայէլ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կը կատարէ ու մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ միջազգային հանրութեան անոր վրայ ճնշում բանեցնելը։ Էրտողան համոզուած է, թէ Իսրայէլի յարձակումներն ու մարդու իրաւանց ոտնահարումները պէտք է կասեցուին, մշտական հրադադար մը պէտք է հաստատուի եւ այս բոլորին ուղղութեամբ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իսլամական երկիրներու համատեղ շարժիլը։