Հինգշաբթի 27, Փետրուար 2025
ՄԱՀ՝ ՆՇԱՆ ԹԱՆԻՔԻ
Իր մահկանացուն կնքեց տասնեակ մրցանակներու եւ գնահատագրերու, Իսլամական մշակոյթի ու առաջնորդման նախարարութեան կողմէ արուեստի տոքթորի կոչումին եւ արուեստի առաջին կարգի մետայլի արժանացած իրանահայ անուանի արձանագործ Նշան Թանիք:
Թանիք Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութեան կողմէ վկայուած էր արդիւնաբերական արուեստներու գերվկայականով: Արժանացած է անգլերէն լեզուի եւ պարսկական գրականութեան մագիստրոսի կոչումին՝ ստանալով արուեստի պատ-ւաւոր տոքթորի աստիճան: Ան հիմնադիրը եղած է Իրանի մէջ գտնուող կարգ մը թանգարաններու:
Նշան Թանիքի մահով անկատար մնացին իրեն տրուած կարգ մը կարեւոր խոստումներ:
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016