ԸՍՏ ՍԱԼՈՄԷ ԶՈՒՐԱՊԻՇՎԻԼԻԻ, ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ Կ՚ԱԶԴԷ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՎՐԱՅ

Ներկայ ամսավերջին՝ հոկտեմբերի 26-ին Վրաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւն, որու ընդառաջ բուռն ընտրապայքարի մթնոլորտ մը ստեղծուած է երկրէն ներս։ Այդ պայքարի դրսեւորումները զգալի են նաեւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան խօսոյթին մէջ՝ քանի խորհրդարանական համակարգ որդեգրած երկրէն ներս նախագահն ու կառավարութիւնը տարբեր քաղաքական ճամբարներու մէջ են։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընտրութիւններուն ընդառաջ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ վաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին ան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ըսաւ.

«Հոկտեմբերի 26-ի ընտրութիւններէն յետոյ Վրաստանը կա՛մ կը վերադառնայ իր դէպի Եւրոպա ուղին, ես համոզուած եմ ու վստահ եմ, որ անկէ վերջ իրադարձութիւնները շատ արագ կը զարգանան եւ յունիսին Ուքրայնայի եւ Մոլտովայի հետ կը յայտնուինք երրեակի մէջ եւ կամ այլեւս չըլլար Վրաստան։ Եւ սա ողբերգութիւն կ՚ըլլայ ո՛չ միայն Վրաստանի, այլեւ՝ հարեւան Հայաստանի համար, որ կը զարգանայ նոյն ուղղութեամբ ու որուն պէտք է վրացական կամուրջը եւ սա ողբերգութիւն կ՚ըլլայ նաեւ Կովկասի եւ այս տարածաշրջանէն ներս Եւրոպայի ներկայացման տեսակէտէ, ինչ որ շատ կարեւոր է իր գտնուած վայրով»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2024