ՄԻՇՏ ԼԱՒԱՏԵՍ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ ցամաքային սահմանի բացման առումով մօտաւոր ապագային լաւ նորութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Ան լաւատեսութիւն յայտնեց, որ մօտաւոր ապագային Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը կրնայ բացուիլ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիրով անձերու համար։ «Մեզի համար շատ կարեւոր է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացը», ըսաւ Միրզոյեան եւ յիշեցուց վերջին շփումները։ Ան վերյիշեց նաեւ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումները եւ աւելցուց. «Եւ կայ խօսակցութիւն՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին», ըսաւ ան ու վստահեցուց, թէ հայկական կողմը շահագրգռուած է իր չորս հարեւաններուն հետ առնուազն կարգաւորուած յարաբերութիւններ ունենալու հարցին մէջ։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Աստանայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթաժողովին ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ Հայաստան պէտք է կատարէ Ատրպէյճանի նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները։ Իր խօսքով՝ հաղորդակցութիւններու բացումը կը նպաստէ ամբողջ տարածաշրջանին։ Էրտողան ընդգծեց, որ թրքական աշխարհը կը շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին։ «Մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ կապող փոխադրութեան գծի իրականացումը։ Այդ մէկուն բացումը կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու բարեկեցութեան։ Ան նաեւ Թուրքիան կը կապէ Կեդրոնական Ասիոյ հետ», ըսաւ Էրտողան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2023