ՆՈՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ մասնակցեցաւ Գերմանիոյ մէջ կազմակերպուած՝ «Եւրոմիութեան ընդլայնումն ու բարեփոխումը» խորագրեալ խորհրդաժողովին։ Նախարարներու մակարդակով կազմակերպուած այս հաւաքոյթի շրջանակներէն ներս Ֆիտան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Ան մանաւանդ մէկտեղուեցաւ իր գերմանացի պաշտօնակցին՝ Աննալենա Պերպոքի հետ։
Պերլինի խորհրդաժողովի ընթացքին նախարար Ֆիտան ընդգծեց, որ Եւրոմիութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ մտահորիզոնը չէ փոխուած։ Իր խօսքով՝ ԵՄ եթէ համաշխարհային դերակատար մը ըլլալ կը փափաքի, ապա ընդլայնումը պէտք է ընկալէ՝ որպէս աշխարհաքաղաքական խնդիր մը։ Ան յայտնեց, որ շուրջ 15 տարի վերջ ԵՄ-ի վերստին ընդլայնումը կը քննարկուի՝ աշխարհաքաղաքական պատճառներով պայմանաւորուած անհրաժեշտութիւններու բերումով։ Ֆիտան յայտնեց, որ Թուրքիա այս քննարկումներուն շատ շինիչ նպաստ մը կրնայ բերել։ «Այսօր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որ ԵՄ-ի անդամները աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններու տակ, նոր ոգիով մը վէճի մը սկիզբը դնեն ընդլայնման հարցին շուրջ», ըսաւ նախարարը։