ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԷՆ ՄԻՇՏ ՀՐԱՒԷՐ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա պատրաստ է կազմակերպելու Երեւանի եւ Պաքուի մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպում մը՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Իր խօսքով՝ ռուսական կողմը պատրաստ է մօտաւոր ապագային Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպում մը կազմակերպելու։
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինն ալ երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որով կառավարութիւնը հաւանութիւն կու տայ Հայաստանի Կապան քաղաքին մէջ աւագ հիւպատոսութեան մը հաստատման ուղղութեամբ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ կան որոշ խնդիրներ։ «Մենք շատ բաներով բաւարարուած չենք, շատ բաներով զարմանք կ՚ապրինք։ Մենք այստեղ որեւէ այլ դիրքորոշում չունինք՝ քան խնդիրները շինիչ ձեւով քննարկել, հասկնալ ու հարթել եւ բարեկամաբար յառաջ կը շարժուինք։ Սա է մեր դիրքորոշումը», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։ Ան յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի շուրջ 200 քառակուսի քիլօմեթր տարածքը ներկայիս Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ է։
Իր կարգին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կազմէն ներս արդէն ստեղծուած է նոր ստորաբաժանում մը՝ երկրի տարածքով անցնելիք հաղորդակցութիւններու անվտանգութեան երաշխաւորման համար։