ԱՄՆ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱ՞Յ ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ

Օրերս ամերիկեան քաղաքական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու Սուրիայէն մօտալուտ հեռացման մասին հաղորդումները։ Նոյնիսկ Թրամփի արձանագրած յառաջընթացը ձեւով մը անոնց ստուերին տակ մնացած է։ Ճիշդ է՝ առաջին անգամը չէ, որ ԱՄՆ կը յայտարարէ, թէ այլեւս ձանձրացած է Սուրիոյ մէջ խաղալէ, սակայն այդ առումով որեւէ շօշափելի քայլ չէ առած։ Բայց եւ այնպէս, այս անգամուան յայտարարութիւններուն ժամկէտը, երանգներն ու գետնի վրայ առկայ դրութիւնը բոլորովին տարբեր են։ Արդարեւ, Կազզէի պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամերիկեան ռազմախարիսխներու դէմ գրոհները աւելցած են թէ՛ Իրաքի եւ թէ Սուրիոյ մէջ։ Ամերիկեան ուժերու ընդհանուր դրութիւնը դարձաւ խոցելի։

Այս բոլորը կը բանան նոր հարցադրումներու մեծ տոպրակ մը, ինչ որ ընթացք կրնայ տալ Սուրիոյ մէջ կարեւոր իրադարձութիւններու։ Ճիշդ այս կէտին վրայ կը փաստուի նաեւ հին-նոր վարկածը, որ յատկապէս Սուրիոյ իշխանութիւններու թեզին կը ծառայէ. հեռու չէ այն օրը, երբ Սուրիայէն պիտի հեռանան բոլոր օտար ուժերը։ ԱՄՆ-էն հնչած յայտարարութիւններու արագ դիտարկման պարագային անմիջապէս օրակարգի վրայ կու գայ այն հարցումը, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ քիւրտ զինեալներուն ճակատագիրը։ ԱՄՆ-էն, անշուշտ, պիտի յիշուին Թուրքիան եւ Սուրիայէ ներս անոր ռազմական ներկայութիւնը։ Խոշորացոյցով պիտի դիտարկուին նաեւ մնացեալ զինեալ խմբաւորումները, որոնց հետ ի հակակշիռ ուղղակի կամ անուղղակի կը գործակցի թրքական կողմը՝ քանի այնտեղ կան նաեւ ներքին հակադրութիւններ։

Արաբական աշխարհը պիտի ողջունէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն պետութեան հակակշռին տակ վերադառնալը։ Ներքին նոր տինամիքներով պայմանաւորուած քաղաքական գործընթացներ սկիզբ պիտի առնեն։ Չի բացառուիր, անշուշտ, որ Սուրիոյ մէջ Իրանի ներկայութիւնը եւս կրճատուի՝ նոյնիսկ մասնագէտներու տեսքով։

Այս բոլորը պիտի կատարուին ի հեճուկս Արեւմուտքի տեսակէտներուն ու պարզ է, որ մինչեւ ԱՄՆ-ի՝ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը, Ռուսաստանի դերը շատ աւելի պիտի ուժեղանայ ու շեշտակիօրէն պիտի համալրուի Սուրիոյ մէջ։

Ոմանց համար տխուր կրնայ ըլլալ այս ամէն ինչը, սակայն ցաւագին փաստ է։ ԱՄՆ-ի պարագային նոր չէ այս խաղաոճը եւ կը բխի իր խորքային ու մեծ շահերէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2024