ՎԷՃԵՐ ՈՒ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ այս շրջանին դարձեալ հրապարակաւ պատգամներ կը փոխանակուին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին յայտնած էր, որ Ատրպէյճանին առաջարկուած է ստորագրել սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկողութեան դրութեան մը եւ իրարու վրայ չյարձակելու վերաբերեալ համաձայնագիր մը։ Մինչ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղեալ գործընթացին մէջ յետընթաց կ՚արձանագրուի, կողմերը կը բարձրաձայնեն իրարու վերաբերեալ դժգոհութիւնները։
Պաքուի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց Երեւանէն հնչած յայտարարութեան։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճըզատէ նշեց, որ Հայաստանի վարչապետին յայտարարութեան նպատակն է ուշադրութիւնը շեղել խաղաղութեան մասին երկկողմանի համաձայնագրի նախագծի եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացէն։ «Բոլորին յայտնի է, որ Հայաստան 30 տարի շարունակ կոպտօրէն խախտած է միջազգային պայմանագրերու շրջանակներէն ներս իր պարտաւորութիւնները, որոնցմով կը ճանչցուէր մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, սպառազինութիւններու վերահսկման դրութիւնները։ Հայաստան բռնութիւն իրականացուցած է Ատրպէյճանի դէմ, մեր տարածքներու բռնագրաւման ժամանակ իր ռազմական սարքերու եւ սպառազինութեան համակարգերու մեծ մասը թաքցուցած է վերահսկման միջազգային դրութիւններէն՝ այդ բոլորը ապօրինի տեղակայելով մեր երկրի տարածքին մէջ։ Ատրպէյճան, իր հերթին, պիտի շարունակէ խաղաղարար եւ ստեղծարար ջանքերը ու Հայաստանէն կ՚ակնկալէ համարժէք քայլեր ո՛չ թէ գործով, այլ խօսքով», ըսաւ ան։
Շաբաթներէ ի վեր միշտ օրակարգի վրայ է երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնաժողովներուն նոր հանդիպումը, որ նախատեսուած է մինչեւ ամսավերջ։ Ըստ այդ տուեալներուն, սոյն հանդիպումը այսօր կամ վաղը արդէն պէտք է տեղի ունենայ։
Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ նաեւ Ազգային մեծ ժողովի Ազգային պաշտպանութեան մշտական յանձնաժողովի նախագահ Հուլուսի Աքարի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան Պաքու կատարած այցելութիւնը, որու ընթացքին ան ընդունուած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Աքար Պաքուի մէջ յայտնած է, որ Հայաստան պէտք է ժամ առաջ սեղմէ Ատրպէյճանի երկարած խաղաղութեան ձեռքը։
Երէկ, Երեւանն ալ հիւրընկալեց տարածաշրջանի յառաջատար դերակատարներէն Թեհրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մին։ Այսպէս, Նիկոլ Փաշինեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցան Իրանի գերագոյն առաջնորդի խորհրդական Քեմալ Խարազիի հետ, որ նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավարն է։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանն ալ երէկ յայտարարեց. «Ի վերջոյ Ատրպէյճան պէտք է պատասխանէ՝ հետաքրքրուա՞ծ է վստահութեան ամրապնդման միջոցներով ու խաղաղութեան հաստատմամբ, թէ ոչ, որովհետեւ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւնները բաւական իրերամերժ են»։ Փոխ-նախարարը մատնանշեց, որ տակաւին 23 գերի կայ Ատրպէյճանի մէջ՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով նաեւ այլ փաստերու վրայ. օրինակ՝ հռետորաբանութիւնը։ «Այս բոլորը բացասաբար կ՚ընկալուին մեր կողմէ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան այս գործողութիւնները պատճառ կը դառնան մեր կողմէ խիստ գնահատականներու։ Այնուամենայնիւ, Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ նպատակաուղղուած քայլեր ձեռնարկել Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւն ու կայունութիւն կառուցելու՝ մասնաւորապէս Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ», ըսաւ փոխ-նախարարը՝ աւելցնելով, որ Պաքու շարունակ կը խախտէ պայմանաւորուածութիւնները՝ ներառեալ Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուածը։