Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՍԼՈՎԵՆԻԱ, ՍԼՈՎԱՔԻԱ ԵՒ ՌՈՒՄԱՆԻԱ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Սլովենիա, Սլովաքիա եւ Ռումանիա։ Եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւններու այս շարքին ընթացքին Էրտողանին կ՚ուղեկցին նախարարներ, երեսփոխաններ, դիւանակալներ եւ գործարարներ։
Շրջագայութեան առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ Սլովենիան, ուրկէ Էրտողան կ՚անցնի Սլովաքիա եւ եզրափակիչ փուլին՝ Ռումանիա։
Բանակցութիւններուն ընթացքին երկկողմանի համագործակցութեան առընթեր օրակարգի վրայ կու գան նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ խնդիրներ։
Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015