ՊՈԱՅՈՅԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին աւարտեց դէպի Չինաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որու եզրափակիչ հանգրուանին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պոայոյի միջազգային համաժողովին ընթացքին։ «Ասիոյ նոր ապագան» կարգախօսով կազմակերպուած համաժողովին ընթացքին Սերժ Սարգսեան շեշտեց, որ այսօր Հայաստան հնարաւորութիւններու երկիր մըն է ու պատրաստ՝ դառնալու նաեւ ասիացի գործարարներու շահերու կեդրոն։ Ըստ իրեն, գործարարներուն համար յատկապէս գրաւիչ կրնայ ըլլալ ուժանիւթի ոլորտը, «Հիւսիս-հարաւ» ցամաքուղիի կամ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման ծրագրերուն շրջագծով համագործակցութիւնը Փեքինի կողմէ նախատեսուած Մետաքսի ճանապարհի նախաձեռնութեան համահունչ։
Միւս կողմէ, Պոայոյի մէջ Սերժ Սարգսեան առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Շուէտի Վարչապետ Սթեֆան Լիւվէնի հետ՝ քննարկելով երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։