ՓԵՐՄԵԱՔՈՎԻ ԴԱՏԸ

Կիւմ­րիի մէջ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը սպան­դի են­թար­կած ռուս զի­նուո­րը՝ Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով պի­տի դա­տուի Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռու­սաս­տա­նի Պե­տա­կան տու­մա­յի ԱՊՀ-ի, Եւ­րոա­սիա­կան հա­մարկ­ման եւ Հայ­րե­նա­կից­նե­րու հետ կա­պե­րու հար­ցե­րով յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Լէո­նիտ Սլուց­քին Կիւմ­րիի մէջ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ շեշ­տեց, որ ռու­սա­կան քննչա­կան մար­մին­նե­րը շատ մեծ գործ կա­տա­րած են, գոր­ծակ­ցե­լով հայ­կա­կան քննչա­կան մար­մին­նե­րուն հետ։

«Ես ի­րա­ւունք չու­նիմ բարձ­րա­ձայ­նե­լու քննու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, սա­կայն հայ­կա­կան կող­մի խնդրան­քով զի­նուո­րա­կան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս՝ Կիւմ­րիի մէջ, իսկ դա­տավ­ճիռն ալ պի­տի ըլ­լայ հա­մա­զօր», ը­սաւ ռուս պատ­գա­մա­ւո­րը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սլուց­քին յայտ­նեց, թէ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին պի­տի ա­ւար­տի գոր­ծին նա­խաքն­նու­թիւ­նը եւ Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը պի­տի ըն­թա­նայ Կիւմ­րիի ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նէն ներս։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015