ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեան ներկայիս պատուաբեր յոբելեանի մը ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը կ՚ապրի՝ իր արհեստավարժ կեանքէն ներս։ Իր կողմէ հիմնադրուած ու գլխաւորուած «Նուրսանլար հոլտինկ»ը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանը։ Այս հանգրուանը երէկ արժեւորուեցաւ հոլտինկի տարեկան ընդհանուր ժողովով եւ անոր զուգահեռ կազմակերպուած տօնակատարութեամբ։
Թուրքիոյ գործարար աշխարհէն ներս «Նուրսանլար հոլտինկ»ը ունի եզակի եւ յառաջատար դիրք մը։ Արէտ Երկանեանի եւ իր գործընկերներուն, նաեւ անմիջական գործակիցներու հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ այս ընկերութիւնը յառաջատար դիրքի մը հասած է արդիւնաբերութեան գետնի վրայ։ Այս յաջողութեան էական հանգամանքներէն մին այն է, որ ընկերութիւնը երկար տասնամեակներէ ի վեր կայուն թափով պահպանած է այդ դիրքը։
«Նուրսանլար հոլտինկ»ի արձանագրած նուաճումը վերջին օրերուն բարձր գնահատանքի արժանացած է Օթոմոթիվի արդիւնաբերութեան միւութեան (OSD) կողմէ։ Արդիւնաբերութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է OSD-ի 42-րդ հերթական ընդհանուր ժողովը։ Իսթանպուլի արդիւնաբերութեան պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին Արէտ Երկանեանի ընկերութեան յանձնուած է մրցանակ մը՝ որպէս տարուան յաջողագոյն յարակից արդիւնաբերութեան կառոյցը։ Երկանեան մրցանակը ստացած է ձեռամբ OSD-ի նախագահ Քուտրէթ Էօնէնի։
Այս պարգեւատրումը արդէն եկած է պայմանաւորել «Նուրսանլար հոլտինկ»ի երէկուան յոբելենական ընդհանուր ժողովին մթնոլորտը։ Իսկ երէկուան հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ։ Արէտ Երկանեանի եւ իր գործընկերոջ՝ Ալտօ Պրունօ Տափէիի ելոյթներով սկսաւ համաժողովը, որու աշխատանքները շարունակուեցան օրուան տեւողութեան։ «Նուրսանլար հոլտինկ»ի հիմքերը դրուած են 1956 թուականին։ Ներկայիս շուրջ հինգ հազար հոգի կ՚աշխատի այս հսկայական խմբակին մօտ, որու տարեկան գործունէութեան ծաւալը կը կազմէ շուրջ 1 միլիառ թրքական լիրա։ Իր խօսքին մէջ Արէտ Երկանեան ընդգծեց, թէ խմբակը վստահութեամբ կը դիտէ իր ապագան եւ միշտ գերադասած է իր յաճախորդներու գոհունակութիւնը։
Երէկուան ընդհանուր ժողովին շրջագծով կազմակերպուեցաւ նաեւ յոբելենական ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ՝ իր կողքին ունենալով Վազգէն Պարընը։ Ճաշկերոյթի ընթացքին Արէտ Երկանեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր սեղանակիցները։ Ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ հատուեցաւ 60-ամեակի կարկանդակը։
Հարկ է նշել, որ ներկայիս Արէտ Երկանեան իր կողմէ վեց տասնամեակ առաջ հիմքերը դրուած այս մեծ կառոյցը կը ղեկավարէ իր հարազատներուն՝ Վազգէն-Շէյտա Նանեան ամոլին հետ, որոնք եւս իրենց թարմ եռանդով կ՚աշխատին այս հաստատութեան վերելքին համար։ Երէկուան յոբելենական հաւաքոյթին ընթացքին Արէտ Երկանեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր հիւրերուն, նախկին ու ներկայ աշխատակիցներուն կողմէ, որոնք փոխանցեցին յաջողութեան եւ յարատեւութեան մաղթանքներ։ Ներկաները նոյնպէս բարեմաղթութիւններ յղեցին Շէյտա եւ Վազգէն Նանեաններուն։