ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՓՈՒԼ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները վաղը դարձեալ ժամադրուած են քուէատուփի մօտ։ Ամբողջ երկրին մէջ տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը բնորոշէին երկրի օրակարգը։ Այսօր արդէն ծառայութեան նոր փուլ մը կը սկսի Թուրքիոյ մէջ՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու նոր տեսլականով ու նոր ժամանակներու պահանջներուն համապատասխան։

Իսթանպուլի ընտրապայքարը այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ ամբողջ երկրին մէջ։ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրուած Մուրատ Քուրումի եւ վերջին հինգ տարիներուն պաշտօնավարած ու ՃՀՓ-ի կողմէ վերաառաջադրուած Էքրէմ Իմամօղլուի մրցակցութիւնը հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին է։ Մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ երկրէն ներս ձեւաւորուած քաղաքական համայնապատկերին վրայ կը մեկնաբանուին վաղուան ընտրութիւններուն հաւանական արդիւնքները։ Քիչ թէ շատ ենթադրելի է, թէ ո՛ր շրջաններուն մէջ ինչպիսի արդիւնքներ կրնան ստացուիլ։ Յամենայնդէպս, մեծագոյն հարցականը կը մնայ Իսթանպուլը։ Արդարեւ, գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնին համար տարուած պայքարը իսկապէս եղաւ սաստիկ, բոլոր կուսակցութիւնները շարժման անցուցին իրենց ամբողջ ներուժը եւ վաղը այլեւս մեծ հարցումին պատասխանը պիտի տրուի ընտրողներուն կողմէ։ Դիտորդներու համոզմամբ՝ Իսթանպուլի նոր քաղաքապետը պաշտօնի պիտի կոչուի՝ այս անգամ ալ ձայներու նուազ տարբերութեամբ։ Իսկապէս դժուար է կռահել, թէ քաղաքի բնակչութիւնը վստահութեան առարկայ պիտի դարձնէ ո՞ր թեկնածուն։ Ամիսներէ ի վեր թէ՛ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ թէ Մուրատ Քուրումի դրական ու ժխտական կողմերը կշիռքի վրայ դրուած են հրապարակաւ։ Յամենայնդէպս, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքը ուղղակի պիտի ցոլանայ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն վրայ։ Արդարեւ, այս մեկափոլը երկրի բոլոր հոսանքները կը պարփակէ ու միշտ ալ նուրբ ճամբաբաժաններու ընդառաջ ուղղութիւն տուած է յաջորդ քայլափոխի վերաբերեալ որոնումներու։ Իսթանպուլը միշտ ներքին քաղաքական խմորումներու կիզակէտին է. հանգամանք մը, որ կը պայմանաւորէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վաղուան ընտրութիւններուն բուռն պայքարի մթնոլորտը։

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնին համար տարուած պայքարին զուգահեռ՝ քաղաքի զանազան գաւառակներէն ներս քաղաքապետի աթոռը նուաճելու առաջադրութեամբ թեկնածուներուն կողմէ քարոզարշաւ ծաւալուեցաւ մեծ եռանդով։ Իսթանպուլի գաւառակները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ ալ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին՝ քանի համայնքի անդամները եւ հաստատութիւնները առաւել չափով կուտակուած են քանի մը հիմնական կէտերու վրայ. օրինակ՝ Շիշլի, Պաքըրգիւղ, Ֆաթիհ, Պէշիկթաշ, Գատըգիւղ, Սկիւտար, կղզիներ, Սարըեէր եւ այլն։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս քաղաքապետական խորհուրդներէն ներս պաշտօն ստանձնելու համար թեկնածու առաջադրուած են նաեւ մեր համայնքէն դէմքեր։ Շիշլիի մէջ ՃՀՓ-ի կողմէ քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան թեկնածու առաջադրուած է Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, որ, միեւնոյն ժամանակ, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան ու վարժարանի մատակարար մարմնի փոխ-ատենապետուհին է։ ԱՔ կուսակցութիւնն ալ նոյն շրջանէն քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան համար թեկնածու առաջադրած է Մանուկ Էօղէրը, որ, միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Իսթանպուլի այլ հայաբնակ շրջաններու պարագային եւս զանազան քաղաքական ուժերուն կողմէ առաջադրուած են ինչպէս քաղաքապետի, այնպէս ալ քաղաքապետական խորհուրդի անդամի թեկնածուներ։

Ուրեմն, վաղուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ ամէն ինչ պատրաստ է։ Վերջին խօսքը պիտի ըսէ ժողովուրդը՝ մինչ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը եւ պատկան բոլոր մարմինները անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարած են՝ ապահովելու համար քուէարկութեան հարթ ընթացքը։ Բնականաբար, բոլոր քաղաքացիները առաջին հերթին իրենց բնակած շրջաններուն եւ քաղաքներուն վրայ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն։ Իսթանպուլի բնակիչներն ալ նոյն ձեւով առաջին հերթին կեդրոնացած են այս մեծ քաղաքին վրայ։ Յամենայնդէպս, Իսթանպուլը ունի տարբերութիւն մը՝ քանի սեփական բնակիչներուն առընթեր թէ՛ ամբողջ Թուրքիոյ եւ թէ աշխարհի մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Միջազգային լրատուամիջոցներն ալ վաղուան ընտրութիւններուն կը հետեւին՝ առաջին հերթին Իսթանպուլի կացութիւնը խոշորացոյցի տակ առնելով։ Վաղը երեկոյեան ժամերուն, երբ քուէատուփերը բացուին եւ ձայներու դասաւորումը սկսի, Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգն ալ պիտի փոխուի եւ համաշխարհային բարդ իրադրութեան ներքեւ երկիրը վերաձեւաւորեալ հաւասարակշռութիւններով պիտի շարունակէ իր երթը։

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024