Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՄԻՑՈԹԱՔԻՍ ՄԱՅԻՍԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԳԱՅ
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ շփումներու եւ այցելութիւններու երթեւեկը կը շարունակուի թափով։ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ միջոցէ մը ի վեր կը տիրէ գարնանային մթնոլորտ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան անցեալ տարեվերջին այցելած էր Աթէնք, իսկ ներկայիս Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս կը պատրաստուի փոխադարձել։ Կը նախատեսուի, որ ան Անգարա այցելէ յառաջիկայ մայիսին։
Մինչ այդ, տեղական մամուլի հաղորդումներով, երկու երկիրներուն միջեւ յաջորդ ամիս ալ կարգ մը հանդիպումներ նախատեսուած են։ Այսպէս, ապրիլի 15-ին տեղի պիտի ունենայ Համատեղ շարժման ծրագրի ժողովը՝ գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներուն՝ Պուրաք Աքչափարի եւ Քոստաս Ֆրակոյաննիսի։
Շաբաթ, Մարտ 30, 2024