ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴԻՄՈՒՄԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Անթիլիաս կը պահանջէ Կիլիկեան Աթոռի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ մայր տաճարի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի քաղաքական հարցերով բաժանմունքի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան երէկ մամուլին յայտարարութիւններ ըրաւ այս նիւթին շուրջ։ Ան զանգուածային լրա-տըւութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին մանրամասնեց սոյն նախաձեռնութիւնը։ Ըստ իրեն, դատական այս դիմումը չի վերաբերիր Թուրքիոյ մէջ գտնուող եւ ժամանակին հայոց եկեղեցւոյ պատկանած բոլոր կալուածներուն, այլ կը վերաբերի միայն Սիսի մէջ գտնուող կաթողիկոսարանին, վանքին եւ Ս. Սօֆիա մայր տաճարին։ Միեւնոյն ժամանակ, Կիրօ Մանոյեանի խօսքերէն յայտնի դարձած է, որ յառաջիկային եւս նման հարցեր կրնան ներկայացուիլ Թուրքիոյ։ «100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովը իր համահայկական հռչակագրին մէջ արդէն ըսած էր, որ կը մշակուի հատուցման իրաւական թղթածրար անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներու հարցերով։ Այդ թղթածրարի ամբողջացման կամ մշակման զարգացումներուն հիման վրայ կարելի է եզրակացնել, թէ ո՛վ, ի՛նչ դիմում պիտի ներկայացնէ եւ ո՛ւր», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան ու մէջբերեց Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի կողմէ յառաջ քշուած առաջարկ մը։ Այսպէս, Գագիկ Յարութիւնեան առաջարկած էր, որ վերոյիշեալ յանձնաժողովի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծուի յատուկ գրասենեակ մը՝ համակարգելու համար նշուած գործընթացը։ «Ընդամէնը կ՚աշխատին, չհասած այն հանգրուանին, երբ բան մը պիտի հրապարակուի։ Կը կարծեմ, մինչեւ աշուն որոշ բան մը պատրաստ կ՚ըլլայ, Սեպտեմբերին այդ թղթածրարին վերաբերեալ կը ներկայացուի որոշ զեկոյց մը։ Սա այն հարցը չէ, որ մենք ըսենք՝ թէ վեց ամիսէն, մէկ տարիէն, երկու տարիէն ամէն ինչ պարզ պիտի ըլլայ։ Պէտք է յստակեցուին ընդհանուր գիծերը. մնացեալը արդէն աշխատանք է։ Եթէ որոշուի, օրինակ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պատկանած կալուածներու հարցը պիտի արծարծուի, սա արդէն լրիւ առանձին ճանապարհ մըն է, պէտք է այդ ուղղութեամբ աւելի մանրամասն աշխատանք տարուի», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան։
Հարկ է նշել, որ ի տարբերութիւն Անթիլիասէն եւ Երուսաղէմէն, ցարդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երբեք պաշտօնապէս օրակարգի վրայ չէ բերած իր երբեմնի կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման վերաբերեալ խնդիր մը։
Միւս կողմէ, Անթիլիասի դիմումին կապակցութեամբ երէկ Ուաշինկթընի մէջ ալ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը։ …