ԵԶԱԿԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ…

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Կրի­կո­րի Քա­րա­սին ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ Ատր­պէյ­ճա­նի APA գոր­ծա­կա­լու­թեան։ Ըստ ի­րեն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հե­տա­մուտ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փը կեր­պարանա­փո­խե­լու ուղ­ղեալ փոր­ձե­րը կրնան տե­ղի տալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի քայ­քայ­ման եւ հա­կա­մարտ կող­մե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն մէջ յե­տըն­թա­ցի։

Հայ­կա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ եւս ար­ձա­գանգ գտած է Կրի­կո­րի Քա­րա­սի­նի այս հար­ցազ­րոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին ան շեշ­տած է, թէ հրա­դա­դա­րի հաս­տա­տու­մէն ի վեր ան­ցած տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են Ռու­սաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Ռուս բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէ­տի խօս­քե­րով, այդ ճա­նա­պար­հին կա­րե­ւոր փու­լեր են հրա­դա­դա­րի մա­սին 1994 թուա­կա­նին եւ հրա­դա­դա­րի ամ­րապնդ­ման մա­սին 1995 թուա­կա­նի Ռու­սաս­տա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ կող­մե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուած հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը։ Քա­րա­սին նոյն շար­քին մէջ թուար­կեց 2008 թուա­կա­նին Մոս­կուա­յի մէջ ստո­րագ­րուած հռչա­կա­գի­րը, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով ա­ռա­ջին ու թե­րեւս միակ փաս­տա­թուղթն է, ո­րու տակ ի­րենց ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րը դրած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րը։

Հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Կրի­կո­րի Քա­րա­սի­նին հարց տրուած է, թէ ի՞նչ կը մտա­ծէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փի կեր­պա­րա­նա­փոխ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ի­րեն ու­շադ­րու­թեան յանձ­նուած է նաեւ այն հան­գա­ման­քը, թէ Գեր­մա­նիոյ եւ Թուր­քիոյ որ­պէս հա­մա­նա­խա­գահ գոր­ծըն­թա­ցին ներգրաւ­ման վե­րա­բե­րեալ ա­ռա­ջարկ­ներ կը հնչեն։ Ի պա­տաս­խան՝ Կրի­կո­րի Քա­րա­սին ը­սած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ես հա­մո­զուած եմ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­նոր հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան շրջանակ­նե­րէն ներս կու­տա­կուած է ե­զա­կի միջ­նոր­դա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը։ Հա­շուի առ­նե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը, ձե­ւա­չա­փի կեր­պարանա­փոխ­ման ո­րե­ւէ փորձ կրնայ տե­ղի տալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի քայ­քայ­ման եւ կող­մե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն մէջ ետ գլոր­ման»։

Բաց աս­տի, Քա­րա­սին շեշ­տեց, թէ ո՛չ կող­մե­րը, ո՛չ ալ միջ­նորդ­նե­րը պէտք է ակն­կա­լեն, որ դուր­սէն տե­ղէ մը կը յայտ­նուին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան ակն­թար­թա­յին կար­գա­ւոր­ման կա­խար­դա­կան դե­ղագ­րեր։ Մինս­քեան խմբա­կի խնդի­րը հա­կա­մարտ կող­մե­րուն ա­ջակ­ցիլն է։ Միջ­նորդ­նե­րը կրնան օգ­նել, լուծ­ման տար­բե­րակ­ներ ա­ռա­ջար­կել, սա­կայն կար­գա­ւո­րու­մը կա­խեալ է ոչ թէ ա­նոնց­մէ, այլ ուղ­ղա­կիօ­րէն հա­կա­մարտ կող­մե­րէն։ «Որ­քան որ ալ խոր եւ բարդ ըլ­լայ, այդ ա­ռու­մով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ող­բեր­գա­կան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը բա­ցա­ռու­թիւն մը չէ», ը­սաւ Քա­րա­սին։

Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այս օ­րե­րուն կը փոր­ձեն վե­րաշ­խու­ժաց­նել ի­րենց նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը ե­րէկ Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ, իսկ այ­սօր կը մէկ­տե­ղուին Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ՝ նոյն­պէս Փա­րի­զի մէջ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Փա­րի­զի մէջ գտնուող Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­ն հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Ի­կոր Փո­փո­վի (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիո­յի (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի հետ:

Հան­դիպ­մա­ն ըն­թաց­քին քննար­կում­նե­րը շա­րու­նակ­ուե­ցան ատր­պէ­յճա­նա-ղա­րա­բա­ղեան
­հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման վե­րա­բեր­եալ։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան միջ­նորդ­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով շա­րու­նակ­ուող ռազ­մա­տենչ հռե­տո­րա­բա­նու­թեան, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու էու­թիւնն ու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը խե­ղաթ­իւ­րող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու, Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նին եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ շփման գծին վրայ հրա­դա­դա­րի կոպ­տա­գոյն խախ­տում­նե­րու եւ յար­ձա­կում­նե­րու վրայ։ «Տա­րօ­րի­նակ ձե­ւով Ատր­պէյ­ճա­նի ի­շա­նու­թիւն­նե­րը կ՚ար­ձա­գան­գեն հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րուն խա­ղա­ղու­թեան պատ­րաս­տե­լու հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու կո­չե­րուն` հա­մա­ցան­ցի վրայ հրա­պա­րա­կե­լով ի­րենց իսկ կազ­մա­կեր­պած յար­ձա­կում­նե­րու տե­սագ­րու­թիւ­նը» նշեց նա­խա­րար Նալ­պան­տեա­ն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015