ԻՎԱՆԻՇՎԻԼԻ ԼԱՒԱՏԵՍ

Վրաստանը, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստացած է, այդ առումով խանդավառ շրջանէ մը կ՚անցնի եւ հեռանկարային հաշուարկներով հանդէս կու գայ։ Երկրի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, որու հիմնադիր ու պատուոյ նախագահ Պիծինա Իվանիշվիլին համոզուած է, թէ Վրաստան 2030 թուականին պիտի անդամակցի Եւրոմիութեան։ Ան այս մասին յայտնած է՝ խօսք ուղղելով այն քաղաքացիներուն, որոնք Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին մօտ հաւաքուած էին։

«Ես ձեզի կը խոստանամ, որ մենք պիտի յաղթահարենք բոլոր խոչընդոտները, պիտի ամրապնդենք մեր ինքնիշխանութիւնը, պիտի պահպանենք խաղաղութիւնը եւ 2030 թուականին պիտի դառնանք Եւրոմիութեան անդամ։ Մենք եզակի ժողովուրդ ենք՝ իւրայատուկ պատմութեամբ, աւանդութիւններով եւ ինքնութեամբ։ Այս իսկ իւրայատուկ ազգային աւանդութիւններով եւ ինքնութեամբ՝ մենք պէտք է միանանք ընդհանուր եւրոպական ընտանիքին, որովհետեւ միայն այս պարագային Եւրոմիութիւնը կրնայ իրական արժէք ունենալ Վրաստանի համար», ըսաւ ան։

Ցուցարարներուն խօսք ուղղելու ժամանակ Իվանիշվիլի աւելցուց, որ ազատ ու անկախ, ինքնիշխան ու միասնական, Եւրոմիութեան անդամ Վրաստանը բոլորի երազանքն է եւ այդ մէկը պէտք է անպայման միասնաբար իրականացուի։

Վրաստանի մէջ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած են ընտրութիւններ՝ մինչ այդ երկրէն ներս տարակարծութիւններու եւ հանրային անհանգստութեան պատճառ դարձած է «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքի նախագիծը։ Վերջին շրջանին իրերայաջորդ հանրահաւաքներ տեղի կ՚ունենան Թիֆլիզի եւ Վրաստանի այլ քաղաքներուն մէջ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Պիծինա Իվանիշվիլին ալ ժողովուրդին հետ կը բաժնէ իր մօտեցումները։ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը թէեւ այս նախագիծը կը խրախուսէ, սակայն Պրիւքսէլէն եկած արձագանգները այդքան ալ դրական չեն։ Արդարեւ, եւրոպացի պաշտօնատարները կ՚ընդգծեն, որ այդ օրէնքի նախագծին հաստատումը Վրաստանը պիտի հեռացնէ Եւրոմիութենէն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2024