ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՋԵՐՄՈՒԿ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս հաս­տա­տուած երկ­րորդ «Հա­յաթ Փլէյս» պան­դո­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ջեր­մու­կի մէջ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ «Հա­յաթ Փլէյս» ա­ռա­ջին պան­դո­կը բա­ցուած էր Ե­րե­ւա­նի մէջ, իսկ այս ան­գամ ա­հա եր­կրոր­դը հաս­տա­տուած է մայ­րա­քա­ղա­քէ դուրս՝ Ջեր­մուկ քա­ղա­քին մէջ, որ կը գտնուի երկ­րի հա­րա­ւին եւ համ­բաւ ու­նի իր բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը թափ տուած է Ջեր­մու­կի մէջ զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն եւ այդ ճա­նա­պար­հին վրայ «Հա­յաթ Փլէյս»ի նման մի­ջազ­գա­յին յա­ռա­ջա­տար ցան­ցի մը պան­դո­կին այն­տեղ բա­ցուի­լը ու­նի մեծ նշա­նա­կու­թիւն։

Վա­յոցձո­րի մարզ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Սերժ Սարգ­սեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ ե­րէ­կուան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հարկ է նշել, որ Ջեր­մու­կի մէջ բա­ցուա­ծը ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քի թի­ւով եր­րորդ «Հա­յաթ Փլէյս» պան­դոկն է։ Շուրջ 12 մի­լիառ հայ­կա­կան դրա­մի ներդ­րու­մով կա­ռու­ցուած հա­մա­լի­րը կ՚ընդգր­կէ ժա­ման­ցի եւ հան­գիս­տի գօ­տի, SPA կեդ­րոն եւ ջրա­բու­ժա­րան՝ Ջեր­մու­կի հան­քա­յին ջու­րով բու­ժա­կան լո­գա­րան­նե­րով, մար­զա­դահ­լիճ, լո­ղա­ւա­զան, շո­գե­բաղ­նիք, ման­կա­կան սե­նեակ, գոր­ծա­րար կեդ­րոն, ճա­շա­րան, ժո­ղո­վաս­րահ­ներ եւ դահ­լիճ­ներ։ Հա­մա­լի­րը կը բաղ­կա­նայ ե­րեք շէն­քե­րէ։ Կեդ­րո­նա­կան հա­տուա­ծին ա­ռըն­թեր կա­ռու­ցուած են հա­րա­ւա­յին եւ հիւ­սի­սա­յին մաս­նա­շէն­քե­րը։ Շրջա­կայ­քի ըն­դար­ձակ մա­կե­րե­սով տա­րածքն ալ բա­րե­կար­գուած է՝ որ­պէս հան­րա­յին օգ­տա­գործ­ման կա­նաչ գօ­տի։ 12 հա­զար քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րած­քի վրայ կա­ռու­ցուած հա­մա­լի­րը պի­տի նպաս­տէ, որ­պէս­զի Ջեր­մուկ քա­ղա­քը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան, ա­ռողջ ու աշ­խոյժ կեն­սա­կեր­պի, պատ­մամ­շա­կու­թա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան կեդ­րոն մը։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, «Հա­յաթ» պան­դոկ­նե­րու կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան մէջ յա­ռա­ջա­տար դիրք կը զբա­ղեց­նէ ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի ա­նուն մը՝ Հոփ­լա­մա­զեան, որ կը վա­րէ ընդ­հա­նուր գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015