ԻՆՉՈ՞Ւ ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀԻ
25 Մայիսին լրացաւ Լիբանանի նախագահական աթոռին թափուր մնալու առաջին տարին: Նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյման 25 Մայիսին կը հեռանար Պաապտայի նախագահական պալատէն եւ արաբական աշխարհի երկիրներու միակ քրիստոնեայ նախագահի աթոռը կը մնար թափուր: Վերջին քսան տարիներուն Պաապտայի պալատ հասած նախագահները ընտրուած էին «քաղաքական համաձայնութեան» հիմքով: «Քաղաքական համաձայնութիւն» խօսքը բնականաբար կը վերաբերի Սուրիոյ էսատեան վարչակարգի Լիբանանի առընթեր շեշտուած միջամտութեան: Այսինքն Լիբանանի նախագահի անունը նախ կ՚որոշուէր Դամասկոսի մէջ, ապա միայն «կը վաւերացուէր» Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի կողմէ: Էսատեան վարչակարգին համար Լիբանան մինչեւ սուրիական տագնապին սկիզբը՝ 2011 թուականը, կը համարուէր մասամբ ենթարկուող պետութիւն եւ անոր ռազմավարական գիծն ու ուղղութիւնը նոյնպէս կը տնօրինուէր՝ Դամասկոսէն: Հերթաբար նախագահներ՝ Էլիաս Հրաուի եւ Էմիլ Լահուտ նախագահական աթոռ կը հասնէին Դամասկոսի ուղղակի միջամտութեամբ: Երկրի նախկին նախագահը՝ զօրավար Միշէլ Սլէյման նախագահ կ՚ընտրուէր երկրին մէջ 2008 թուականի Մայիսին ծայր առած քաղաքական տագնապի հանգուցալուծումէն ետք: Տագնապը «դադար» կը ստանար Տոհայի մէջ կայացուած համաժողովով, որուն հիման վրայ կողմերը նախնական համաձայնութիւններ ձեռք ձգելով կը հասնէին այն եզրակացութեան, թէ զիջելով կարելի է միայն կառավարել համայնքային բաժանումներով «հա-րուստ» Լիբանանը:
Նախագահ Միշէլ Սլէյման իր նախագահական երդումը կը կատարէր 25 Մայիս 2008 թուականին եւ այդ արարողութեան ներկայ կ՚ըլլային շրջանային ազդեցիկ պետութիւններու գլխաւոր ղեկավարները: Լիբանանի նախագահի երդման արարողութիւնը շրջանային քաղաքական իրադարձութիւն դառնալու հանգամանքը կը պայմանաւորուէր, այն հանգամանքով, որ Լիբանանի կայունութիւնը եւ հոն յարաբերակցող ուժերու հաւասարակշռութիւնը շրջանի կայունութեան կարեւոր լծակ էր: Այդ շրջանին մէկ կողմէ իրանեան միջամտութիւնը եւ միւս կողմէ Սէուտական Արաբիոյ ազդեցութիւնը դեռ չէին մտած բախումներու փուլ: Պատկերը այսօր բոլորովին տարբեր է: Մինչ իրանամէտ 8 Մարտի ուժերը, որպէս թեկնածու, անպաշտօն կերպով կ՚առաջադրեն երեսփոխան Միշէլ Աունի թեկնածութիւնը, անդին Սէուտական Արաբիոյ հովանին վայելող 14 Մարտի ուժերը որդեգրած են «լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ղեկավար՝ Սամիր Ժաաժայի թեկնածութիւնը: Այս երկու թեկնածուները մեծաւ մասամբ նախագահ դառնալու հեռանակար չունին, բացի այն պարագայէն, եթէ խորհրդարանի մէջ տեղի ունենան բաց նիստեր եւ ընտ-րըւելիք նախագահը յաջողի՝ քուէներու պարզ մեծամասնութեամբ: Այդպիսի դրուածքը սակայն կրնայ նշանակել, որ Լիբանան նոր վտանգաւոր հակամարտութեան մը գիրկը պիտի իյնայ, որովհետեւ համախոհութիւնը չվայելող նախագահի մը ընտրութիւնը վստահաբար կողմերէն մէկը պիտի մղէ դիմելու անսպասելի եւ ծայրայեղական քայլերու։
Օրինակ՝ երկրին մէջ բարդ իրավիճակ ստեղծուած է 1982 թուականին, երբ Պաշիր Ժըմայէլ, որ կը համարուէր հակասուրիական (գլխաւորաբար քրիստոնէական) ուժերու ներկայացուցիչը, իր յաղթանակէն օրեր վերջ՝ 14 Սեպտեմբեր 1982 թուականին զոհ կ՚երթար ոճրային պայթումի մը: Ժըմայէլի հետ կը զոհուէին անոր բազմաթիւ ընկերակիցները եւ շրջանին մէջ գտնուող քսանվեց քաղաքացիներ: Անոր սպանութեան հանգամանքները մասմամբ բացայայտուած են ու եթէ վերլուծելու ըլլանք զինք հաշուեյարդարի ենթարկելու հանգամանքները՝ պարզ պիտի դառնայ, որ Պաշիր Ժըմայէլ իր քարիզմաթիք, միաւորող եւ ուժեղ նախագահի կերպարով կրնար շրջանի բոլոր խաղաքարտերը խառնել եւ վտանգել Իսրայէլի ու Սուրիոյ անմիջական շահերը: Նոյնը պատահած է նախագահ Ռընէ Մուաուատի պարագային, որ 1989 թուականին Սուրիոյ նեցուկը չունենալով հանդերձ կ՚ընտրուէր ու իր ընտրութենէն միայն օրեր ետք կը սպաննուէր զոհ երթալով ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին: Ներկայ հանգրուանին Լիբանանի նոր նախագահի ընտրութիւնը նոյնպէս կարեւոր ցուցանիշ մըն է, արիւնահոս շրջանին մէջ կայունութեան նոր հանգրուանի մը սկիզբ առնելուն առընթեր: Լիբանան կ՚ապրի ոչ թէ համաձայնութիւններու հանգրուան մը, այլ երկիրը կանգնած է լուրջ պայթումներու նախասեմին: Իրանեան նեցուկ ունեցող «Հիզպուլլահ» կը մասնակցի Սուրիոյ մէջ մղուող պատերազմական գործողութիւններուն եւ անոր այս քայլը մեծ բարդութիւններու կրնայ առաջնորդել: Սիւննի աշխարհը չի բաւականանար «Հիզպուլլահ»ը քննադատելով, այլ Ռիատ, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Քաթար իրենց տարածքներէն կը վտարեն շիի լիբանանցիները ու պարզ է նաեւ, որ Արաբական ծոցի երկիրներուն համար «Հիզպուլլահ»ը տարբեր իմաստներով պիտի դառնայ թիրախ: Այլ առումով, կարեւորագոյն հարց է Լիբանանի սահմանային Արսէլ աւանի պարագան: Շուրջ յիսուն հազար սիւննի բնակիչներ ունեցող այդ շրջանը լարուած ուժանակի վերածուած է: Անոր լեռնային հատուածներուն վրայ գտնուող սուրիացի սիւննի ընդդիմադիրներ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» եւ «Էլ Նըսրա» ճակատ) անմիջական կապ ունին աւանին մէջ հաստատուած սուրիացի գաղթականներուն հետ եւ որեւէ հանգամանքի բերումով, եթէ «Հիզպուլլահ» փորձէ աւան մտնել, ապա խնդիրը կրնայ համայնքային հակամարտութեան վերածուիլ: Պէտք չէ նաեւ մոռնալ, որ լիբանանցի սիւննիներուն մեծագոյն տոկոսին համար «Հիզպուլլահ»ի գործողութիւնները անընդունելի են եւ ան չի վայելեր մօտիկ անցեալի իր ունեցած համաժողովրդային նեցուկը:
Այս խնդիրներուն դիմաց Լիբանան կարիք ունի բանակի նեցուկը վայելող, չափաւորական եւ բոլոր կողմերուն հետ հաւասար յարաբերութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ այս տուեալները կը պարփակուին բանակի ներկայ հրամանատար՝ զօրավար Ժան Ահուաժիի անձին մէջ: Լիբանանի որեւէ նախագահ պէտք է լաւ ըմբռնէ, թէ գալիք հանգրուանի ամենէն կարեւոր հրամայականը Լիբանան գտնուող սուրիացի գաղթականները վերահսկողութեան տակ պահելու հարցն է: Վտանգաւոր է նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններու հարցը եւ լաւապէս զինուած սիւննի պաղեստինցիները կրնան նոյնպէս վտանգաւոր իրավիճակ ստեղծել երկրին մէջ:
Փրկութեան լաստ դարձած նախագահի աթոռը թէկուզ եւ վտանգուած չէ, սակայն եթէ այս իրավիճակը երկարի կրնայ երկիրը յաւելեալ բարդութեանց տանիլ: Այս մէկը հասկնալի է մարոնիներու կեդրոնական համայնքի որոշումի կեդրոն հանդիսացող՝ Պքէրքէյին համար: Սակայն ներքրիստոնէական քաղաքական ճակատին վրայ խնդրին առընթեր համաձայնութեան բացակայութիւնը կրնայ տագնապը երկարել: Տխուր է, որ քրիստոնեաներ առաջին անգամը չէ, որ երկիրը կրնան ծանր հանգրուանի մը տանիլ: Բացի ասկէ, Թեհրանի եւ Ռիատի կողմէ թեկնածուներու հանդէպ պէտք եղած նախասիրութիւնները եւս կրնան խանգարել եւ ուշացնել ընտրութիւնը:
Լիբանանցիները ունին ճար մը, անոնք եթէ անունի մը շուրջ չմիաւորուին, որ առայժմ երեւելի չէ, երկիրը՝ ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր եւս կրնայ, որպէս խաղաթուղթ օգտագործուիլ Իրան-Միացեալ Նահանգներ սակարկութիւններու սեղանին վրայ եւ ապա Թեհրան-Ռիատ առայժմ բաց եւ անկանխատեսելի բախումներու ականադաշտին մէջ: Պարզ է նաեւ, որ գալիք հանգրուանը պիտի ըլլայ փոխզիջումներու եւ սակարկութեան հանգրուան մը: Կը մնայ հարցումը՝ արդեօք Լիբանան կրնա՞յ այդքան երկար սպասել մինչեւ որ սակարկութիւններու «շուկա»ն բացուի: Ու աւելի կարեւորը, արդեօք այդ սակարկումթիւնները Լիբանանի միասնութեան եւ անվտանգութեան հաշւոյն պիտի չըլլա՞ն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան