Տաթեւի Վանքը Թաքնուած Մարգարիտներու Ցանկին Մէջ

«Business Insider» հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջի աւստ­րա­լա­կան տար­բե­րա­կը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Եւ­րո­պա­յի զբօ­սաշր­ջու­թեան լա­ւա­գոյն վայ­րե­րէն քա­նի մը հա­տը, ո­րոնք մին­չեւ հի­մա ան­յայտ են շա­տե­րու հա­մար:

Թաք­նո­ւած մար­գա­րիտ­նե­րու իր ցան­կին մէջ կայ­քը նե­րա­ռած է տասն­վեց վայր՝ Դա­նիոյ Ֆե­րա­րեան կղզի­նե­րէն մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի հնա­գոյն վան­քե­րը:

Տասն­վեց տե­սար­ժան վայ­րե­րու շար­քին կայ­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Տա­թե­ւի վան­քը: «Հա­յաս­տա­նի Տա­թեւ գիւ­ղի հա­րե­ւա­նու­թեամբ կը գտնո­ւի 9-րդ ­դա­րու Տա­թե­ւի վան­քը: Ան­հա­ւա­նա­կա­նօ­րէն լաւ պահ­պա­նո­ւած այս վան­քէն հիաս­քանչ տե­սա­րան­ներ կը բա­ցո­ւին», ըսո­ւած է կայ­քէ­ջին՝ լու­սան­կար­նե­րով ու­ղեկ­ցո­ւող հրա­պա­րակ­ման մէջ:

 

Շաբաթ, Մայիս 30, 2015