ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԼՈՒՍԱՇՈՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀ
Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Պէյօղլուի մշակոյթի ճանապարհ» փառատօնը շաբաթավերջին սկսաւ հանդիսաւոր երեկոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի օփերայի դահլիճի բեմին վրայ։ Պէյօղլուի Զողրաֆիոն յունաց լիսէին կողմէ կեանքի կոչուած ծրագիրը բնորոշեց փառատօնի սկիզբը։ Ձեռնարկին մասնակցեցաւ Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքէն մեծ խումբ մը, որու մաս կազմեցին թէ՛ արուեստագէտներ եւ թէ վարժարանէ մը 100 սան։
Շուրջ երկու հազար հոգի հետեւեցաւ այս ձեռնարկին, որու ժամանակ Յունաստանէն յայտնի դէմք մը՝ Կլիքերա եւ իր խումբը յաջող համերգով մը հանդէս եկան։ Թեսաղոնիկէի Մանտոլիտես վարժարանի 100 աշակերտին միացան Իսթանպուլի Զողրաֆիոն վարժարանի 25 սաներ։ Տղաքն ալ Կլիքերայի հետ միասնաբար մասնակցեցան երգի մը կատարումին։
Երեկոյթի ընթացքին Զողրաֆիոն վարժարանի տնօրէն Եանի Տեմիրճիօղլու հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը՝ մինչ Կլիքերային յանձնեց յուշանուէր մը։ Եանի Տեմիրճիօղլու ուրախութիւն յայտնեց, որ իրենք տակաւին կը կարողանան նպաստ մը բերել Պէյօղլուի մշակոյթին։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, թէ Մշակոյթի նախարարութիւնը հաւատք ու վստահութիւն ունեցած է իրենց նկատմամբ եւ իրենք ալ իրագործած են այս համերգը, ինչ որ հպարտութեան առիթ մը կը համարուի իրենց տեսակէտէ։ Տեմիրճիօղլուի խօսքով՝ իրենց գործունէութիւններով Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բարեկամութեան կամուրջ մը կը ստեղծուի։ Այս առթիւ ան երախտագիտութիւն յայտնեց Մշակոյթի փոխ-նախարար Ահմետ Միսպահ Տեմիրճանին եւ Պէյօղլուի Փանաիա յունաց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եորկօ Փափալիարիսին։ Ան աւելցուց, որ սոյն փառատօնի ծիրէն ներս եւս երեք նախագիծ կեանքի պիտի կոչեն։
Ընդհանուր առմամբ Յունաստանէն այս շքեղ երեկոյթին մասնակցութիւն բերաւ 240 հոգի։ Հիւրերու շարքին էին Թեսաղոնիկէի փոխ-քաղաքապետ Խարիս Աիտոնիտիս եւ կողակիցը։
Հարկ է նշել, որ «Պէյօղլուի մշակոյթի ճանապարհ» փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ յունիսի 12-ը։