ՀԲԸՄ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջերս յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Արցախը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանչնալու հարցին շուրջ, ինչ որ տագնապեցուցած է համայն հայութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն հրապարակուած համապատասխան յայտարարութիւնը։

*

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հանդիպած է Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն հետ՝ շարունակելու համար քննարկել տարածաշրջանային խաղաղութեան համաձայնագիրը յառաջ մղելու գործընթացը։

Նախորդիւ Հայաստան յայտարարած էր, որ Արցախի քաղաքացիներու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու երաշխաւորումը ապահովելու հիմնաւորմամբ՝ պատրաստ է պաշտօնապէս ընդունիլ Ատրպէյճանի իրաւազօրութիւնը Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ։

ՀԲԸՄ, սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ այլ հայերու հետ, կը մերժէ նմանօրինակ տրամաբանութիւնը: Թէեւ ամբողջ հայութեան կամքն է, որ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ տիրէ կայունութիւն, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն, մենք խորապէս մտահոգուած ենք Հայաստանի՝ Արցախի հայերու ճակատագիրը մէկ ստորագրութեամբ թշնամիին յանձնելու մտադրութեամբ։ Ատրպէյճան ջանք չի խնայեր իր նպատակներուն հասնելու, Արցախի հայերը Արցախէն բնաջնջելու եւ, ի վերջոյ, տարածաշրջանէ ներս գերիշխող դիրք գրաւելու համար, ինչ որ վտանգի կ՚ենթարկէ առաջին հերթին Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը: Յատկապէս խիստ մտահոգիչ է Ատրպէյճանի յայտարարութիւնը, թէ որեւէ երկրի, ներառեալ Հայաստանին, պիտի չարտօնուի արգելք հանդիսանալ Արցախի ժողովուրդին հետ կապուած իր մտադրութիւնները իրագործելու ճանապարհին՝ ազդարարելով, որ Արցախի շրջափակումը, մարդասիրական ահաբեկչութիւնը եւ մշակութային ցեղասպանութիւնը իր վարած խաղի մէկ մասը պիտի մնան։

«Այս հակամարտութեան վերջին 30 տարիներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճան երբեք ալ ազնիւ բանակցային գործընկեր չէ եղած», կ՚ըսէ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան։ «Ան երբեք չէ յարգած որեւէ միջազգային պայմանագրի, համաձայնագրի կամ օրէնքի դրոյթ, որ կը վերաբերի Արցախի ժողովուրդին: Իլհամ Ալիեւի հակահայկական հռետորաբանութիւնը, քաղաքացիական բնակավայրերու դէմ ռազմական բռնութիւնը եւ տնտեսական շրջափակման միջոցով Արցախի մէջ հազարաւոր հայերը կենսական աղբիւրներէ զրկելը այդ մէկուն վառ ապացոյցն են։ Մենք գիտենք, որ այս փաստաթուղթի ստորագրումը հաւասարազօր է Ատրպէյճանին կանաչ լոյս տալու, որպէսզի անպատիժ կերպով աւարտին հասցնէ Արցախը վերացնելու իր մտադրութիւնը»:

30 տարի շարունակ Արցախի ժողովուրդը փորձած է իրագործել ինքնորոշման իր իրաւունքը, ինչպէս որ սահմանուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան երկրորդ յօդուածով եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի սկզբունքներով։ Ինքնորոշումը բանակցային գործընթացի միակ ընդունելի ուղին է եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ այս գործընթացին ընթացք տալու համար:

Հետեւաբար, ՀԲԸՄ կոչ կ՚ուղղէ բոլոր միջազգային կառոյցներուն՝ սատարել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, որովհետեւ հակառակ պարագային Արցախի հայերը Ատրպէյճանի կողմէ վերջնականապէս պիտի ենթարկուին էթնիք զտումներու, ինչ որ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կը փորձէ աւարտին հասցնել:

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023