ՆՈՐՈՎԻ ԿԱՊԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութիւնով Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին մէջ արդէն բացուած է նոր էջ մը։ Մինչ Էրտողան պիտի շարունակէ վարել երկրին ղեկը, աշխարհի բոլոր ուժային կեդրոններու ղեկավարները կը թարմացնեն իրեն հետ հաղորդակցութիւնը ու նորովի կապեր կը հաստատեն։ Ան երէկ իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քաղաքական մեկնաբանները կ՚ընդգծեն, որ Անգարա հասած բոլոր շնորհաւորականները ունին իրենց պատգամն ու գաղտնագիրը։

Էրտողան յառաջիկայ օրերուն ծանր ժամանակացոյցի մը պիտի հետեւի թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ երկրէն դուրս։ Քիշինեւի մէջ ան պիտի մասնակցի Եւրոպական համայնքի գագաթաժողովին։ Սա վերընտրուելէ վերջ իր առաջին հաւաքական շփումը պիտի ըլլայ միջազգային ղեկավարներու հետ։ Ամենայն հաւանականութեամբ վերընտրեալ նախագահը շաբաթավերջին Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ կատարէ իր երդումը եւ աւելի վերջ հրապարակէ իր նոր կառավարութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ քանի մը դէմքի պաշտօնավարութիւնը կրնայ շարունակուիլ։ Նոր շրջանին Էրտողան կը նախատեսէ նշանակել երկու փոխ-նախագահ, որոնցմէ մին պիտի կեդրոնանայ տնտեսութեան վրայ, իսկ միւսը պատասխանատու պիտի ըլլայ անվտանգութեան ու միւս բնագաւառներու գծով։ Շատ հաւանական է, որ այս նոր շրջանին Էրտողան տնտեսութեան կառավարումը վստահելիք անձերու շարքին ներառէ իր վաղեմի լծակիցներէն Մեհմէտ Շիմշէքը, որու հետ արդէն ունեցած է հանդիպում մը։

Այս համայնապատկերին վրայ ներկայիս կը բիւրեղանայ երեք առաջնահերթութիւն։ Նախագահ Էրտողան անմիջական ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձնէ տնտեսութիւնը, ուր կացութիւնը իսկապէս լուրջ է։ Հիմնական նախապատուութիւններու շարքին պիտի գտնուի աղէտի գօտիի վերակառուցումը։ Թափ պիտի տրուի նաեւ Սուրիայէն Թուրքիա եկած աւելի քան 1 միլիոն գաղթականի վերադարձի աշխատանքին։

Անշուշտ, իշխանական ճամբարի պարագային իրադարձութիւնները շատ արագ պիտի ընթանան, որպէսզի ձեւաւորուի երկրին նոր ղեկավարութիւնը։ Այս ուրբաթ պիտի սկսի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի աշխատանքը։ Նորընտիր խորհրդարանի դիւանը պիտի ձեւաւորուի, ինչ որ պիտի բնորոշէ նորընտիր շրջանի մեկնարկը։

Միւս կողմէ, ընդդիմութեան ճամբարէն ներս ալ կան նոր հարցականներ։ Ամառը նախատեսուած է գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի յետաձգեալ համագումարը՝ մինչ կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի դիրքը բաւական ցնցուած է նախագահական ընտրութեան արդիւնքի լոյսին տակ։ Ընդդիմութիւնը ներկայիս կը ջանայ իր ցնցուած դիրքերը ամրապնդելու համար կեդրոնանալ՝ 2024 թուականի սկիզբին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան վրայ։

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023