ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԻ ՄԷՋ ՓԱՆԵԼ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պրաթիսլաւայի մէջ։ «GLOBSEC 2023 Bratislava Forum»ի շրջանակէն ներս տեղի կ՚ունենայ՝ անոնց մասնակցութեամբ փանելի ձեւաչափով քննարկում մը։

Արմէն Գրիգորեան եւ Հիքմէթ Հաճիեւ վերջին անգամ անցեալ տարուան սեպտեմբերին հանդիպած էին Ուաշինկթընի մէջ։ Բաց աստի, նոյնպէս անցեալ տարի անոնք երեք անգամ տեսակցած էին Պրիւքսելի մէջ։ Մասնաւորապէս Ուաշինկթընի հանդիպումէն վերջ անոնց միջեւ ծագած էր լուրջ բանավէճ մը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ բանակցութիւններ վարելու։ Երկու վարչապետներու հանդիպումը նախատեսուած է՝ շարք մը միջազգային հաւաքներու օրացոյցին հետ համընկնած ձեւով։ Այդ հաւաքները նախատեսուած են Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի շրջանակներուն մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023