ՅԱՐԴՆ ՈՒ ԿՈԹԸ ԽԱՌՆՈՒԱԾ

Հայաստանի մէջ նախընթաց օր՝ Հանրապետութեան տօնին Սարդարապատի յուշահամալիրէն ներս պատահած ողբերգական ու ցնցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Եկեղեցի-պետութիւն առկայ անհաղորդ կացութեան դրսեւորումները հետզհետէ կը սաստկանան եւ երկրի ղեկավարութիւնը անթաքոյց կը դիմէ այնպիսի քայլերու, որոնք կասկած չեն թողուր, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը թիրախաւորուի բացայայտօրէն։ Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներուն միջեւ երէկ եւս շարունակուեցաւ հակադիր յայտարարութիւններու փոխանակումը։ Յամենայնդէպս, փաստը կը մնայ փաստ, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Սարդարապատ մուտքը խոչընդոտուած է ոստիկանութեան կողմէ. դէպք, որ պատահած է ներքին քաղաքական իրադարձութիւններու հենքով։ Ոստիկանութեան այդ վերաբերմունքի քաղաքական դրդապատճառներով կատարուած ըլլալն ալ չի թաքցուիր երկրի իշխանութիւններուն կողմէ, ուստի, կարելի է հետեւցնել, թէ անոնք արտահերթ ոչինչ կը նկատեն այստեղ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անդրադարձաւ վերջին իրադարձութիւններուն, որոնք համայն հայութեան կեանքէն ներս պոռթկում յառաջացուցած են։ Վարչապետին բանաձեւումները կու գան ապացուցանել, որ Հայաստանի մէջ յարդն ու կոթը ամբողջովին իրարու խառնուած են, իսկ նախօրէի միջադէպին ծնունդ տուած ցասումը մեղմացնելու ուղղութեամբ գոյութիւն չունի քաղաքական կամք։

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, երէկ, վարչապետ Փաշինեան մասնակցեցաւ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանի երդիքին տակ ան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եկեղեցւոյ դէմ արշաւ չկայ, չէ եղած ու չ՚ըլլար։ Եթէ եկեղեցւոյ դէմ արշաւ կը տեսնենք, ուրեմն սա պէտք է տեսնենք ուրիշ տեղ, ինչ որ կապ չունի Հայաստանի կառավարութեան եւ կառավարող մեծամասնութեան հետ»։

Ի լրումն այս բոլորին, երեսփոխաններու ներկայութեամբ հնչած ելոյթին շուրջ այլ մանրամասնութիւններ ալ արձագանգ գտած են հայկական լրահոսին մէջ։ Այսպէս, վարչապետը նշած է հետեւեալը. «Երբ 2018-ին մենք ստանձնեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կառավարումը, շարունակեցինք կղերաֆէոտալ աւանդութիւնները, սա մեր ամենամեծ ամօթն է։ Մեզի կ՚ըսեն՝ դուք 2018-19-ին ուրիշ բան կ՚ըսէիք, հիմա ուրիշ բան կ՚ըսէք։ Ինչո՞ւ այդպէս է։ Որովհետեւ մենք մեր մէջ կը յաղթահարենք կղերաֆէոտալ մտածելակերպը եւ կղերաֆէոտալ համակարգը կը հակազդէ այս բանին դէմ։ Կ՚ըսեն՝ ի՞նչ իրաւունք ունիք մտածելու, մենք ստեղծած ենք մտածելակերպի գաղափարները դարերէ ի վեր ու պարտաւոր էք մտածել այդ շրջանակին մէջ։ Եթէ կը մտածէք այդ շրջանակէն դուրս, ուրեմն դաւաճան էք»։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024