ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կագի­նի բարձ­րաց­ման հար­ցին բե­րու­մով բռնկած հա­կազ­դե­ցու­թեան ա­լի­քը ար­դէն թե­ւա­կո­խած է ին­նե­րորդ օ­րը։ «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան կող­մէ բարձ­րա­ցուած բո­ղո­քի ա­լի­քը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծած է երկ­րէն ներս։ Ե­րե­ւա­նի Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին եւ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ կը շա­րու­նա­կուին ցոյ­ցե­րը, ցու­ցա­րար­նե­րը կը գի­շե­րեն փո­ղո­ցը եւ այս բո­լո­րը կը շա­րու­նա­կեն բնո­րո­շել Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը։

Թէ՛ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ թէ ընդ­դի­մու­թիւ­նը ե­րի­տա­սար­դա­կան այս շարժ­ման նկատ­մամբ կը ցու­ցա­բե­րեն շատ զգոյշ եւ նա­խան­ձախն­դիր վե­րա­բեր­մունք։ Ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան, Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը կանգ­նած է փոր­ձա­քա­րի մը առ­ջեւ։ Բո­լո­րը կը գի­տակ­ցին, որ այս փու­լէն ա­ռանց ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու դուրս գա­լը ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ երկ­րին հա­մար։

Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ալ կը փո­խան­ցուին հա­ւա­սա­րակշ­ռուած եւ պա­տաս­խա­նա­տու պատ­գամ­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ շա­բա­թա­վեր­ջին կա­տա­րուած շի­նիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­րէկ ալ Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նա­պետ Վլա­տի­միր Գաս­պա­րեան ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նման ո­ճով։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ ցու­ցա­րար ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ան տե­ղե­կա­ցուց, թէ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը չի պատ­րաս­տուիր ցրուել այս ցոյ­ցը։ «Դուք շատ լաւ գի­տէք, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը շատ ու­ժեղ է։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեր ա­պա­գան է, իսկ ա­պա­գան չեն սպան­ներ», ը­սաւ Գաս­պա­րեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը չի պատ­րաս­տուիր կոտո­րել ե­րի­տա­սար­դը։

Մինչ այդ, ըստ «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թեան ան­դամ­նե­րէն Մաք­սիմ Սարգ­սեա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, այ­սօր ի­րենք պի­տի կազ­մա­կեր­պեն մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց հե­տա­գայ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ծրա­գի­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015