ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ
Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեան տեղեկացուց, թէ 2004 թուականէն մինչեւ այսօր Հայաստանի տարածքին վերականգնուած է շուրջ վաթսունութ պատմական յուշարձան։ Այդ նպատակով պետական պիւտճէէն ծախսուած է շուրջ 4 միլիառ դրամ։ Փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեան տեղեկացուց, թէ ներկայ պահուն մասնաւոր ընկերութիւններու հետ համագործակցութեան շնորհիւ վերականգնման աշխանտանքներ կը կատարուին Նոր Վարագայ վանքի, Օձունի եկեղեցւոյ, Տաթեւի վանքի, Քոբայրի, Սոլակի մայրավանքի, Կամարիսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ կը նորոգուի Մխիթար Գօշի դամբարանը։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ Մշակոյթի նախարարութիւնը շուտով հնագիտութեան զարգացման տասնամեայ ծրագիր մը պիտի ներկայացնէ կառավարութեան։