ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Մինս­քի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման։ Այս ժո­ղո­վին ներ­կայ գըտ-նըւե­ցան նաեւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­րե­ւա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հանն, ԵՄ-ի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ա­լէն Տը Ռոյ եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ը­սաւ, թէ Մինս­քի հան­դի­պու­մը լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է՝ ԵՄ-ի հետ քննար­կե­լու հա­մար Ե­րե­ւա­նի երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գը, ինչ­պէս նաեւ՝ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն վերջ անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կերու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, Հա­յաս­տան ԵՄ-ի հետ ու­նի հա­մա­պար­փակ գոր­ծըն­կե­րու­թիւն ու կը կա­րե­ւո­րէ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը, նաեւ ա­ռեւ­տու­րի ու տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը։ «Ներ­կա­յիս մենք Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հետ կ՚աշ­խա­տինք շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս ար­դիւ­նա­ւէտ ո­լոր­տա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը աշ­խու­ժաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ՝ կրթու­թիւն, գի­տու­թիւն, հե­տա­զօ­տու­թիւն եւ նո­րա­րա­րու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ՝ մարդ­կա­յին շփում­նե­րու խթա­նում եւ ա­ռեւ­տու­րի դիւ­րաց­ման հա­մար բա­րենը-պաստ պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծում։ Մենք կ՚ակն­կա­լենք հա­մա­ձայ­նագ­րեր ստո­րագ­րել մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ԵՄ-ի շարք մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն. օ­րի­նակ՝ «Հո­րի­զոն 2020», «Ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու եւ փոքր ու մի­ջին ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու մրցու­նա­կու­թեան ծրա­գի­րը (COSME)», ը­սաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

Նալ­պան­տեան մաս­նա­ւո­րա­պէս մատ­նան­շեց, թէ փո­խադ­րու­թեան ո­լոր­տէն ներս Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է ԵՄ-ի հետ ստո­րագ­րե­լու հա­մար «Ընդ­հա­նուր թռիչք­նե­րու տա­րածք» հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ ուղ-ղըւած է «Բաց եր­կինք»ի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մի­ջո­ցաւ օ­դագ­նա­ցու­թեան շու­կա­յի ա­զա­տա­կա­նաց­ման։

Նալ­պան­տեան ա­պա շա­րու­նա­կեց. «Մեր ա­պա­գայ պայ­մա­նագ­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նե­լու նպա­տա­կով՝ ԵՄ-ի մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ մենք աշ­խա­տե­ցանք մեր նախ­կին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ար­տա­ցո­լող նոր ի­րա­ւա­կան հիմ­քի մը շրջա­նա­կը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով մեր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այլ մի­ջազ­գա­յին հա­մարկ­ման ձե­ւա­չա­փե­րուն մէջ։ Մար­տի կէ­սե­րուն Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի բա­նակ­ցա­յին խում­բե­րը ա­ւար­տե­ցին ա­պա­գայ ի­րա­ւա­կան հէն­քի շրջա­նա­կին շուրջ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ մենք կ՚ակն­կա­լենք, որ ԵՄ-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րը շու­տով պի­տի հաս­տա­տեն լիա­զօ­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի մենք կա­րե­նանք սա­հուն կեր­պով սկսիլ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ ԵՄ-Հա­յաս­տան ձե­ւա­չա­փե­րու կա­նո­նա­ւոր հան­դի­պում­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան բա­զում հար­թակ­նե­րուն վրայ եւ ա­ւե­լի քան տասն աշ­խա­տան­քա­յին խում­բե­րու մէջ։ Մենք զայն կը դի­տար­կենք լա­ւա­գոյն փոր­ձա­ռու­թիւ­նը բաժ­նե­լու եւ լայն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նպաս­տե­լու կա­րե­ւոր եւ օգ­տա­կար հար­թակ ու կ՚ող­ջու­նենք բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ՚ամ­րապն­դեն ընդգր­կուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ ուղ­ղուած են բազ­մա­թիւ շա­հագր­գիռ կող­մե­րու ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան շնոր­հիւ տար­բեր մաս­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ ի­րա­ւա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թիւն կա­ռու­ցե­լը»։

Մինս­քի մէջ Նալ­պան­տեան դի­տել տուաւ, թէ Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթան­ման եւ խո­րաց­ման գոր­ծին մէջ նշա­նա­կե­լի դեր ու­նե­ցած է։ «Մենք բարձր կը գնա­հա­տենք Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս մեր երկ­րին ԵՄ-ի կող­մէ տա­րի­նե­րէ ի վեր ցու­ցա­բե­րուած շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թիւնն ու օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը, ինչ որ կա­րե­ւոր դեր խա­ղա­ցած է Հա­յաս­տա­նի մէջ բա­րե­փո­խում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցի եւ կա­ռոյց­նե­րու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան եւ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան հա­մար։ Մենք հե­տե­ւո­ղա­կան քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կենք՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ամ­րապնդ­ե­լու, հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րը եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Հա­յաս­տան քաջ կը գի­տակ­ցի զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ ընդգր­կուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Հայ­կա­կան կող­մը հա­մո­զուած է, որ հնա­րա­ւոր է ա­ռա­ւել հե­ռա­տես մի­ջոցներու շնոր­հիւ լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծել զա­նա­զան հա­մարկ­ման շրջա­նակ­նե­րը։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան խօ­սե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ան այս շրջագ­ծով միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պա­տաս­խա­նեց Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վա­րի ակ­նար­կու­թիւն­նե­րուն։ Մինս­քի մէջ Նալ­պան­տեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ.

«Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը կը շա­րու­նա­կէ կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի հա­մար եւ մենք ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ կը շա­րու­նա­կենք մեր ջան­քե­րը՝ հա­կա­մար­տու­թեան բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման նպա­տա­կով։ Հա­կա­ռակ հա­մա­նա­խա­գահ ե­րեք եր­կիր­նե­րու գոր­ծադ­րած ջան­քե­րուն՝ վեր­ջին եօթ տարուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած շուրջ քսան գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն, նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով քա­նի մը տաս­նեակ հան­դի­պում­նե­րուն, ե­րեք հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու՝ տա­րած­քաշր­ջան կա­տա­րած բազ­մա­թիւ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն, անհ­նար ե­ղած է հա­կա­մար­տու­թեան զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րել, ո­րով­հե­տեւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը ի­րե­րա­յա­ջորդ մեր­ժած է միջ­նորդ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած բո­լոր ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ Մենք կը գնա­հա­տենք, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով իր միան­շա­նակ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կ՚ար­տա­յայ­տէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուող ջան­քե­րուն։ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ԵՄ-ի ան­դամ բո­լոր եր­կիր­նե­րը եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան հինգ եր­կիր­նե­րը, յղում կա­տա­րե­լով ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու՝ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի կար­գա­ւոր­ման նուի­րուած 2009 թուա­կա­նէն ի վեր ըն­դու­նուած հինգ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն՝ ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րուն, ինչ որ ար­տա­ցո­լուե­ցաւ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի եզ­րա­փա­կիչ հռչա­կագ­րին մէջ։ Ատր­պէյ­ճան հան­դի­սա­ցաւ միակ եր­կի­րը, որ հա­կադ­րուե­ցաւ այս բա­նին։ Լաւ կ՚ըլ­լար, որ Ատր­պէյ­ճան այդ հար­ցով լսէր Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից բո­լոր եր­կիր­նե­րուն կար­ծի­քը»։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2015