Ո՞ՒՐ ԵՍ ՊԱՐՈՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ
Բաղրամեանի վրայ յայտնուած տեսարանը մի քանի կարեւոր իրադրութիւններ պարզեց: Մեր բոլորին մտավախութիւնը ոստիկանութեան ուժ կիրառելու վտանգն էր: Այդ վտանգը շատ ծանր հետեւանքներ կրնար ունենալ ո՛չ միայն հաւաքի մասնակիցներուն, այլ Հայաստանի արդի շրջանի պատմութեան համար: Բոլորս գիտենք, որ մեզի չեն պակսիր սեւ թուականները եւ ի զուր թափուած արիւնը: Յետոյ քաղաքական կարգ մը դէմքերու Բաղրամեանի վրայ երեւիլը կը խօսէր նաեւ վերջիններուս կողմէ իրավիճակի օգտագործման մասին: Շարժումը իր ողնածուծով քաղաքացիական էր ու այդպէս պէտք է մնար մինչեւ վերջ: Բնական է, որ քաղաքական դաշտի գործիչներ կրնային իրենց կարծիքը տալ: Բայց թելադրանքներ ընելը կամ հաւաքներուն ընդհանուր հունը փոխելը տեղին չէր: Շատերուն պէս պիտի չգրեմ, որ նոյն այն մարդիկը, որոնք տակաւին երէկ թեալդրանքներ «կը բաշխէին», պիտի չկարենային նոյնիսկ հարիւր յիսուն հոգի ցոյցի դուրս բերել: Այդ մէկը իրենց հարցն է: Հիմա օրակարգը ուրիշ է: Բացի այս բոլորէն, կարեւոր կը համարեմ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն՝ Վաղինակ Շուշանեանի արարքը: Յստակ չէ, թէ Շուշանեան որեւէ տեղեկութեան կը տիրապետէր կամ ոչ, սակայն բացորոշ էր, որ բախումի վտանգը առկայ էր: Այդ վտանգը անոր աչքերուն մէջ անգամ զգալի էր. անոր ելոյթին, ձայնի ելեւէջներուն մէջ: Շարժումը կարելի է ըսել պառակտուեցաւ: Շուշանեան եւ իր ընկերները իրենց ուսերուն վերցուցին ժողովուրդը վտանգէն հանելու գործը: Անոնք ճիշդ էին: Բաղրամեանի վրայ հաւաքը պէտք է փոխէր իր ընդհանուր ընթացքը: Չեմ ըսեր պէտք է աւարտ տրուէր հաւաքին: Բայց հասկնալի չէր անիմաստ կերպով շարունակել այդ հաւաքները, տրուած ըլլալով, որ բախումի վտանգը հասած էր իր գագաթնակէտին: Գետինը ինչպէս երէկ, այսօր ալ պէտք է մնայ քաղաքացիկական բարձր ոգիով զինուած այս տղոց հանդիսավայրը: Խառնակիչները տանելի չեն: Իսկ ի՛նչ հունով կարելի է շարունակել ելեկտրականութեան տագնապի հանգուցալուծումը, ան քննարկելի է իշխանութեանց հետ:
Ճիշդ է, որ ընդդիմութեան համար օրակարգի վրայ է Սերժ Սարգսեանը պաշտօնէն հեռացնելու խօսքը, բայց եւ այնպէս, այդ ծանր գործը այս տղոց ուսերուն բեռցնելը տանելի չէ: Ընդունելի չէ: Այս տղաքը քաղաքական օրակարգով հրապարակ չիջան: Ու ճիշդ պիտի ըլլար, որ անոնց ուսերուն չբարդէինք Հայաստանի քաղաքական խնդիրներու լուծման գործը:
Իրենք իրենց գործը ըրին:
Զարմանալի չեն նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ իրարու հակասող, զիրար վիրաւորող, զիրար մեղադրող կողմերուն հայհոյութիւնները: Նոյն «հայկական» մօտեցումն է: Նո՛յն պառակտումը, նո՛յն սնամէջ մեղադրանքները եւ նոյն նահանջը:
Ձախող ընդդիմութեան գործօնը աւելի վնասակար է երկրի մը համար, քան անոր իշխանութիւններուն սանձարձակ եւ հարստահարիչ քայլերը:
Այս մասին մտածենք: Ո՞ւր ես պարոն ընդդիմութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան