ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԵԼՈՅԹՆԵՐԸ

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ-երաժիշտ Շարլ Ազնաւուր Յուլիսի 15-ին համերգ պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, 93-ամեայ երաժիշտը չ՚ուզեր հրաժեշտ տալ բեմին։ Յայտնի է, որ Դեկտեմբերի 13-ին ան կը պատրաստուի համերգով մը հանդէս գալ Փարիզի AccorHotels ամփիթատրոնին մէջ:

Վերջերս յայտնի դարձաւ, որ Ազնաւուր 2018 թուականին աստղի պիտի արժանանայ Հոլիվուտի Փառքի ճեմուղիին վրայ:

Ինչպէս ծանօթ է, Շարլ Ազնաւուրը գրած է աւելի քան հազար երգեր։ Ան իր երգերուն լաւագոյն կատարողն է: Ազնաւուր նկարահանուած է նաեւ աւելի քան վաթսուն շարժապատկերներու մէջ։

1995 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպանն է, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մշտական պատուիրակ: 200 թուականին նշանակուած է Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Զուիցերիոյ մէջ:

 Արժանացած է Հայաստանի ազգային հերոսի կոչումին, պարգեւատրուած է Լեռնային Ղարաբաղի «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ Թէքէեան մշակութային միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշաններով, Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի երկու շքանշանով: 2009-ին հռչակուած է 20-րդ դարու լաւագոյն երգիչ:

Ուրբաթ, Յունիս 30, 2017