ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԸ ՆՈՒԱՃԱԾ ԾՈՎԱԿ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Լի­բա­նա­նի Սա­հա­կեան-Լե­ւոն-Մկրտի­չեան գո­լէ­ճի տնօ­րէն Նա­զօ Ճէ­րէ­ճեա­նը եւ ին­նե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Ծո­վակ Քէօշ­կէ­րեա­նը։ Հարկ է նշել, որ այս ա­շա­կեր­տու­հին վեր­ջերս նուա­ճած էր Ա­րա­րա­տի գա­գա­թը։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նշեց, թէ ա­ռի­թը իս­կա­պէս իւ­րօ­րի­նակ է, ո­րով­հե­տեւ 13-ա­մեայ Ծո­վա­կը սխրանք մը գոր­ծած է նուա­ճե­լով սուրբգրա­կան Ա­րա­րա­տի գա­գա­թը։ Այս առ­թիւ ան կանգ ա­ռաւ նաեւ Սփիւռ­քի մէջ հայ­կա­կան դպրո­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ «Դպրոցն է մար­դա­կեր­տու­մի կեդ­րո­նը, դպրո­ցի շնոր­հիւ է, որ Սփիւռ­քի մէջ մեր ե­րա­խա­նե­րը կ՚ո­րո­շեն հայ ապ­րիլ, հայ մնալ», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Նա­զօ Ճէ­րէ­ճեան շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քին մէջ ջերմ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նին ու մատ­նան­շեց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ հան­դէս բե­րուած անկրկ­նե­լի աշ­խու­ժու­թիւ­նը։

Հարկ է նշել, որ ան­ցեալ Յու­լի­սի 21-ի ա­րե­ւա­ծա­գին Ծո­վակ Քէօշ­կէ­րեան բարձ­րա­ցած է Ա­րա­րատ լե­րան գա­գա­թը՝ վե­րել­քի եր­րորդ օ­րը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015