ԲԱՐԵՓՈԽՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ա­նուշ Թրուանց մե­զի կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ սկսաւ «Ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման խնդիր­նե­րը» խո­րագ­րեալ եր­կօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ ա­կա­դե­միոյ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» լե­զուի կա­ճա­ռը: Այ­սօր կ՚եզ­րա­փա­կուի հա­մա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով ձեռ­նար­կուած ծա­ւա­լուն աշ­խա­տան­քը, որ կ ա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հա­յե­րէ­նի բա­րե­փոխ­ման ո­րո­նում­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս առ­թիւ յի­շե­ցուց, թէ մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­րիւր տա­րիէ ի վեր քննար­կում­նե­րու ա­ռար­կայ են հա­յոց լե­զուին ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը եւ ա­նոր եր­կու ճիւ­ղե­րուն խըն-դիր­նե­րը։

Հա­մա­ժո­ղո­վը հայ­կա­կան աշ­խար­հի գլխա­ւոր գի­տա­կան հիմ­նար­կին մէջ հա­մախմ­բած էր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հար­ցե­րով մտա­հոգ մօ­տա­ւո­րա­պէս տաս­նեակ մաս­նա­գէտ­ներ՝ լե­զ-ւա­բան­ներ, գրող­ներ, հա­յա­գէտ­ներ, դա­սա­գիր­քե­րու հե­ղի­նակ­ներ, խմբա­գիր­ներ: ըՍ-փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տա­րեց Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ ող­ջու­նեց հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր նկա­տուող սոյն հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցի­նե­րը։ Ան ը­սաւ. «Հա­մո­զուած եմ, որ մայ­րե­նի լե­զուի եր­կու ճիւ­ղե­րուն նուի­րուած այս գի­տա­ժո­ղո­վը իր նպաս­տը կը բե­րէ մեր լե­զուի միաս­նա­կան զար­գաց­ման ու գոր­ծա­ծու­թեան, պահ­պա­նու­թեան, կա­նո­նա­կարգ­ման ու գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան, ա­նա­ղար­տու­թեան պահ­պա­նու­թեան, ու­սուց­ման խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, ծրագ­րե­րու, գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ջադր­ման ու ի­րա­գործ­ման հա­մար: Մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­րիւր տա­րի է, որ հա­յոց լե­զուի ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը եւ ա­նոր եր­կու ճիւ­ղե­րու խնդիր­նե­րը դար­ձած են քննար­կում­նե­րու ա­ռար­կայ»:

Յա­կո­բեան ը­սաւ, որ նա­խորդ դա­րաս­կիզ­բին տե­ղի ու­նե­ցած ե­ղեռ­նա­կան դէպ­քե­րը պատ­ճա­ռած են նաեւ լե­զուա­կան ան­դառ­նա­լի կո­րուստ­ներ, ո­րոնց յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղու­թեամբ կան շատ ը­նե­լիք­ներ: «Ան­դառ­նա­լի կո­րուս­տի մատ-նըւե­ցան տաս­նեակ ա­րեւմ­տա­հայ բար­բառ­ներ, իր պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քէն եւ բնա­կա­նոն զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն զրկուե­ցաւ գրա­կան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, որ ծուէն-ծուէն ե­ղած գո­յա­մարտ կը մղէ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն: Ան մեծ ա­ջակ­ցու­թեան կա­րիք ու­նի, քան­զի Սփիւռ­քի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ու­նի հա­յա­պահ­պան­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն նշա­նա­կու­թիւն: Մայ­րե­նին, ի­րա­ւամբ, տունն է հա­յուն՝ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն», շա­րու­նա­կեց ան:

Բաց աս­տի, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նշեց, որ Սփիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րը ա­նու­րա­նա­լի դեր մը ու­նին լե­զուա­պահ­պա­նու­թեան ա­ռու­մով եւ այդ կա­ռոյց­նե­րու ջան­քե­րը անժխ­տե­լի են: Նա­խա­րա­րը կա­րե­ւո­րեց նաեւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ դե­րը եւ մա­նա­ւանդ՝ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ լե­զուի պահ­պան­ման հար­ցին մէջ: «Բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի է յատ­կա­պէս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այս հար­ցին գծով: Հա­յաս­տա­նի մէջ եւս աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սում­նա­սիր­ման, ու­սուց­ման, դա­սա­գիր­քե­րու եւ ու­սում­նա­կան այլ նիւ­թե­րու ստեղծ­ման աս­պա­րէ­զէն ներս», ընդգ­ծեց ան:

Կա­րե­ւո­րե­լով պե­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այս հար­ցին մէջ՝ Յա­կո­բեան դի­տել տուաւ, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ի դէմս Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, գի­տամ­շա­կու­թա­յին զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կի­րառ­ման ո­լորտ­նե­րու ընդ­լայն­ման, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­ման, հայ­րե­նազր­կուած եւ կո­րուս­տի մատ­նուած բար­բառ­նե­րու նշխար­նե­րը հա­ւա­քե­լու եւ ի մի բե­րե­լու հա­մար: «Մենք պար­տա­ւոր ենք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պահ­պա­նել, մեր լե­զուն ա­նա­ղարտ պա­հել եւ ա­պա­հո­վել հա­յե­րէ­նի միաս­նա­կան զար­գա­ցու­մը՝ իբ­րեւ ազ­գա­յին միաս­նու­թեան պահ­պան­ման եւ պե­տա­կա­նու­թեան զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծօն», ա­ւել­ցուց Յա­կո­բեան:

Ամ­փո­փե­լով իր խօս­քը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան այն բա­զում ծրագ­րե­րուն, ո­րոնք մի­տուած են նպաս­տե­լու Սփիւռ­քի մէջ լե­զուա­պահ­պա­նու­թեան եւ այդ ճա­նա­պար­հով՝ ազ­գա­պահ­պա­նու­թեան: Նա­խա­րա­րը թուար­կեց այդ ծրագ­րե­րը. օ­րի­նակ՝ «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրոց, «Ա­րի տուն», «Ե­լեկտ­րո­նա­յին գրա­դա­րան», «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նէն ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ հա­կա­ռա­կը փո­խար­կիչ», «ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րու հայ հա­մայնք­նե­րու կրթամ­շա­կու­թա­յին խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղուած ա­ջակ­ցու­թիւն», «Հա­յոց լե­զուի ու­սուց­ման հե­ռուս­տադպ­րոց», «Ու­սու­ցիչ­նե­րու գոր­ծու­ղում՝ հե­ռա­ւոր տա­րա­ծաշր­ջան­ներ», «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին վե­րա­բե­րեալ գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու խրա­խու­սում» ե­ւայլն:

Դի­մե­լով ներ­կայ գիտ­նա­կան­նե­րուն, մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն, ման­կա­վարժ­նե­րուն՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նշեց, թէ կ՚ակն­կա­լէ, որ բո­լո­րը հան­դէս գան ի­րա­վի­ճա­կի վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րով, դի­տար­կում­նե­րով, մա­նա­ւանդ՝ ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յաց­նեն, թէ ինչ­պէ՛ս հնա­րա­ւոր է հա­մա­տեղ ու­ժե­րով ա­ջակ­ցիլ լե­զուա­պահ­պա­նու­թեան, Սփիւռ­քի հետ գի­տա­կան եւ կրթա­կան կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման, ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման ծրագ­րե­րու եւ այդ ծրագ­րե­րը ի­րա­գոր­ծե­լու մի­ջոց­նե­րու բա­րե­փոխ­ման: Նա­խա­րա­րը յոյս յայտ­նեց, որ կու գայ ժա­մա­նակ, երբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­մը ո­րա­կա­կան նոր մա­կար­դա­կի մը կը բարձ­րա­նայ, եւ հա­յե­րէ­նի եր­կու ճիւ­ղե­րը կը զար­գա­նան հա­մըն­թաց ու միաս­նա­կան՝ զի­րար լրաց­նե­լով եւ փո­խա­դարձ հարս­տաց­նե­լով:

Նա­խա­րա­րի բաց­ման խօս­քին յա­ջոր­դեց Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դա­միոյ Հա­յա­գի­տու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի ա­կա­դե­մի­կոս-քար­տու­ղար Եու­րի Սու­վա­րեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը: Ան հան­դէս ե­կաւ յա­նուն ա­կա­դե­միոյ ղե­կա­վա­րու­թեան ու նոյն­պէս կա­րե­ւոր հա­մա­րեց հա­մա­ժո­ղո­վին դե­րը՝ հա­յոց լե­զուի եր­կու ճիւ­ղե­րու մեր­ձեց­ման ա­ռըն­չուող խնդիր­նե­րու լուծ­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Սու­վա­րեան նշեց, որ միակ հա­մա­ժո­ղով մը բա­ւա­կան չէ նման շատ կա­րե­ւոր հար­ցե­րու ըն­թացք տա­լու հա­մար եւ յոյս յայտ­նեց, որ յա­ռա­ջի­կա­յին վե­րա­կանգ­նուող Հա­յե­րէ­նի բարձ­րա­գոյն խոր­հուր­դը եւս իր կար­գին պի­տի նպաս­տէ այդ խնդիր­նե­րու լուծ­ման: Թէ՛ Եու­րի Սու­վա­րեան եւ թէ յա­ջորդ ա­տե­նա­խօ­սը՝ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» լե­զուի կա­ճա­ռի տնօ­րէն Վիք­թոր Կա­տուա­լեան հա­մա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ ընդգր­կուած հար­ցե­րու լուծ­ման մէջ մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րե­ցին «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» լե­զուի կա­ճա­ռին մէջ ստեղ­ծուած եւ աշ­խու­ժօ­րէն գոր­ծող ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բա­ժի­նը:

Ըստ ծրագ­րին, հա­մա­ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին զե­կու­ցողն ալ ե­ղաւ Վիք­թոր Կա­տուա­լեան, որ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մըն ալ պատ­րաս­տած էր՝ հա­յոց լե­զուի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուրջ, 1915-էն դար մը ան­ց։

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2015