ՕԼԱՆՏ ՓԱՐԻԶ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՌՈՒՀԱՆԻՆ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս երէկ շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի կողմէ։ Այս առթիւ Լորան Ֆապիուս Հասան Ռուհանիին փոխանցեց Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրը՝ Փարիզ այցելելու համար։ Հարկ է նշել, որ տասներկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ Ֆրանսայէն արտաքին գործոց նախարար մը այցելեց Թեհրան՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ Վիեննայի մէջ ստորագրուած համաձայնագրի մթնոլորտին մէջ։ Հետեւաբար Ֆապիուսի շփումի նպատակներէն մին էր Իրանի հետ Ֆրանսայի յարաբերութիւններու վերականգնումը։ Ֆապիուսն ալ նշեց, թէ իր այցելութիւնը երկու երկիրներու միջեւ կը բնորոշէ նոր յարաբերութիւններու սկիզբը։