Ս. ԹԱԴԷԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ազգային վարչութեան, 62-րդ տարին ըլլալով, Յուլիսի 14-16 թուականներուն տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը՝ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի:
Իրանի տարբեր քաղաքներէն եւ արտասահմանէն մեծաթիւ ուխտաւորներ ժամանած էին Ս. Թադէի վանքը, ժամասացութեամբ, Ս. Պատարագով եւ ազգային ժողովրդական տօնախմբութեամբ կատարելու Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ կոյսի տօնը:
Վանքերու ուխտագնացութեան յատուկ յանձնախումբը, արդէն իսկ շաբաթներ առաջ լծուած էր կազմակերպչական աշխատանքներուն, խորհրդատուութեամբ Սրբազան Հօր եւ Ազգային վարչութեան, որոնք պետական իշխանութիւններուն հետ սերտ յարաբերութեամբ ճշդած էին եռօրեայ ուխտագնացութեան ամբողջ ծրագիրը, յանձն առնելով ուխտաւորներուն կենցաղային պայմաններուն առընչուող եւ ապահովական բոլոր հարցերը:
Նախապէս վանքի շրջապատին մէջ լարուած հարիւրաւոր վրաններու ապահովումը կատարուած ըլլալով Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին կողմէ, ուխտաւորներ Հինգշաբթի, 14 Յուլիսին վանք հասնելով տեղաւորուեցան, նախապատրաստուելով յառաջիկայ երկու օրերու ուխտաւորութեան:
14 Յուլիսի երեկոյեան՝ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան ժամանեց վանք, ուր արժանացաւ ժողովրդային դիմաւորման՝ օրհնելով հացն ու աղը: Իսկ տաճարին մէջ ան իր առաջին պատգամը յղեց ուխտաւոր բազմութեան: Ապա տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն:
15 Յուլիսին՝ Ս. Թադէի վանքի արեւմտեան շրջափակին մէջ, կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան վարչութեան, տեղի ունեցաւ երիտասարդական խանդավառ յայտագիր՝ երգերու, նուագներու եւ ասմունքներու կատարումով:
Ուխտագնացութեան գլխաւոր օրը՝ Շաբաթ, 16 Յուլիսին, Ս. Թադէի տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան: Խորանին կը սպասարկէին Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեան եւ Տ. Խաչատուր Քհնյ. Զարգարեան: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Թաւրիզի «Կոմիտաս» երգչախումբի դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ երաժիշտ Վարդան Վահրամեանի: Ս. Խորանին կը սպասարկէին թեմի կիսասարկաւագաց ու դպրաց դասերը՝ զոյգ բուրվառով, քշոցակրութեամբ, կերոնակրութեամբ եւ մոմակրութեամբ:
Քարոզէն առաջ յատուկ թափօրով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ բեմ բարձրացուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը՝ ուղղուած համայն իրանահայութեան, յատկապէս Ատրպատականի Հայոց Թեմի քաջարի ժողովուրդին եւ ուխտաւոր հաւատացեալներուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթո-ղիկոսը, իբրեւ բարձրագոյն հովանաւորը տարեկան սոյն ուխտագնացութեան դէպի Ս. Թադէի վանք, Հայրապետական իր օրհնութիւնը կու տար բոլորին, շեշտելով մեր հաւատքի ակունքներուն հանդէպ ամուր կառչածութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր օրհնութեան սրբատառ գիրին մէջ յատկապէս կ՚ըսէր. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ Ս. Թադէն խորհրդանշական խորունկ իմաստ ունեցած է, իբրեւ առաքեալին նահատակութեան սրբավայրը, ինչպէս նաեւ որպէս յուշարար՝ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելական ծագման եւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքին ունեցած խոր արմատներուն: Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ փոթորիկներ ահաւոր քանդումներ յառաջացուցած են մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Սակայն Ս. Թադէն մնացեր է կանգուն, որովհետեւ ան շաղախուած է սրբազան առաքեալին արիւնով, ու անոր հիմքերը հաստատուած են հայոց քրիստոնէութեան ամուր ժայռին վրայ»:
Ապա Սրբազանը Հայրը իր հոգեւոր խօսքը ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն, Քրիստոսի բերելիք խաղաղութեան համար աղերս մատոյց առ Աստուած. «Մարդկութեան պատմութիւնը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, բոլորդ ալ քաջատեղեակ էք, թէ ցաւո՛վ, տառապանքո՛վ, նեղութիւններո՛վ, պատերազմներո՛վ, մարդասպանութիւններո՛վ եւ աւերածութիւններով աւելի կը յատկանշուի, քան խաղաղութեամբ: Տառապող այս աշխարհին մէջ այսօ՛ր, համայն մարդկութեան հոգիի խորքէն մէկ բաղձանք դուրս կու գայ աղօթքով առ Աստուած. Տէ՜ր խաղաղութի՜ւն, խաղաղութի՜ւն պարգեւէ համայն աշխարհին: Թող լռեն պատերազմները, թող վերջ գտնեն ազգութիւններու եւ կրօններու միջեւ հակառակութիւնները, եւ «տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի, աղաչե՜մք», ըսաւ ան:
Ապա աշխարհի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման միակ աղբիւրը զՔրիստոս ներկայացնելով, Սրբա-զան Հայրը ըսաւ. «Բայց մենք աշխարհի իշխանաւորներուն բերած խաղաղութիւնը չենք ուզեր, որ օրուան քաղաքականութեան հետ կը փոխուի, անոնց փոխանցած սէրը պայմանական է, անոնց ստեղծած բարօր կեանքը անժամանակ ու անսպասելի կը մթագնի: Մենք կ՚ուզենք Քրիստոսի՜ խաղաղութիւնը, իսկական այն խաղաղութիւնը, զոր իր հետեւորդներուն խոստացաւ Ան: Այս հաւատքի տարածման ծառաները եղան իր առաքեալները աշխարհով մէկ: Ծառայութիւն, որ իրենց արեան նահատակութեամբ արժեւորեցին անոնք: Ծառայութիւն, որ մղիչ ուժ ունէր սէրը, աստ-ւածապարգեւ շնորհքներու կատարումը, որ կը քաղցրացնէ ամէն տեսակ տառապանք եւ կը թեթեւցէ ամէն տեսակ խաչ այս կեանքին մէջ: Ուստի սիրելի ուխտաւո՛ր ժողովուրդ Աստուծոյ, աղօթե՛նք: Աղօթե՛նք աշխարհի խաղաղութեան համար, աղօթենք սիրոյ շնորհքի հեղման համար: Աղօթենք քրիստոնէական մեր հաւատքի ամրապնդման համար: Աղօթենք մեր ազգի, եկեղեցւոյ եւ Հայրենիքի անսասանութեան համար: Աղօթենք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար, որուն հովանիին տակ մեր ազգային ու քրիստոնէական կեանքը առաւելագոյն ազատութեամբ ու հանգստութեամբ կ՚ապրինք այս օրհնեալ երկրին մէջ»:
Ամէնօրեայ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւններէն բացի, Ուրբաթ գիշեր, տաճարին մէջ կատարուեցաւ գիշերային ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին: Այս տարի եւս եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած գամերով լեցուն հսկայ խաչին վրայ՝ ուխտաւորներ իրենց սրտի փափաքները արձանագրեցին ու դրին, խնդրելով Ս. Թադէոս առաքեալին եւ Ս. Սանդուխտ կոյսին բարեխօսութիւնը:
Ուխտաւորներէն շատերը ծնրադիր հետեւեցան խորհրդաւոր արարողութեան, աղօթելով աշխարհի խաղաղութեան համար:
Իսկ Շաբաթ, 16 Յուլիսի առաւօտեան, վանքի ճամբուն վրայ կանգնած հսկայ վրանին մէջ, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ՝ գլխաւորութեամբ Չալտրանի կուսակալ Հոսէյնզատէի, յատուկ յարգանք ընծայեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ուխտագնացութեան այս առիթով:
Պաշտօնական սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Ա-տըրպատականի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետեր Տքթ. Արա Մելիքեանի եւ Ռուբիկ Ջանանեանի, Վանքերու յանձնախումբի անդամներ, պետական տարբեր կազմերու ներկայացուցիչներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Պաշտօնական խօսքեր փոխանակուեցան Ատրպատականի առաջնորդին եւ պետական պատասխանատուներուն միջեւ:
Ուրբաթ, 15 Յուլիսի գիշերուան ժամը 10-էն սկսեալ, Ս. Թադէի վանքի արեւմտեան շրջափակին մէջ, կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան վարչութեան եւ հանդիսավարութեամբ Կարէն Սարգիսեանի, տեղի ունեցաւ երիտասարդական խանդավառ յայտագիր՝ երգերու, նուագներու եւ ասմունքներու կատարումով: Գիշերը «ազատ բեմ» յայտարարուելէ ետք, ներկայ երիտասարդութիւնը կամաւորաբար մասնակից դարձաւ յայտագրին, մինչեւ առաւօտեան ժամերը: Ներկայ տաղանդաւոր երիտասարդներէն շատեր իրենց երգի, նուագի եւ ասմունքի ձիրքերը ցոյց տուին, անգամ մը եւս փաստելով հայ ազգի տաղանդաշատ նոր սերունդին դրական ընդունակութիւնները:
Ս. Թադէի ուխտագնացութիւնը այս տարի եւս բացառիկ առիթ հանդիսացաւ իրանահայութեան՝ քրիստոնէական հաւատքի վերանորոգման եւ ազգային նկարագրի ամրապնդման, վերարժեւորելով այն, ինչ որ մեր ազգային եկեղեցական պատմութեան համար արժէք է, ու մեր համայնական կեանքին համար կարեւոր:
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՝ ԱՆԱՅԻՍ ԽԱԼԱՖԵԱՆԻՆ
Միւս կողմէ, Ատրպատականի Հայոց Թեմի թանկարժէք հնութիւններու եւ կիրառական արուեստի հաւաքածոյին մաս կը կազմեն նաեւ զանազան դարերէ ժառանգուած սրբանկարներ՝ փայտի վրայ նկարուած, որոնք անցած տարիներուն վնասուած են եւ վերանորոգութեան կարիք ունէին:
Այս արժէքաւոր յիշատակներու պահպանման նպատակով Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան հերթաբար վերանորոգութեան կը յանձնէ զանոնք՝ համալրելու համար թեմի «Մելիք-Թանգեան» թանգարանի հարուստ հաւաքածոն: Սրբազան Հայրը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց սրբանկարներ վերանորոգող արուեստագէտ Անայիս Խալաֆեանը, որ կամաւորաբար անոնցմէ մէկը շատ յաջող ու մասնագիտական վերանորոգութեան ենթարկած է: Նոյն առիթով, Անայիս Խալաֆեանը կուժերու վրայ իր նկարած սրբապատկերները նուիրեց Սրբազան Հօր: Անոնք եւս հայկական մանրանկարչութեան գեղեցիկ օրինակներ էին:
Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան գնահատեց Անայիս Խալաֆեանը, որ իր արուեստին միջոցով նուիրումով կը կատարէր վերանորոգութեան դժուարին աշխատանքը՝ վերականգնելով դարեր առաջ գեղեցկօրէն մանրանկարուած սրբանկարներ ներկայացուցած նրբագեղ պատկերները: