ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Ֆրանսա ներգրուած է «Տաթեւի մեծ անապատ» վանական համալիրի վերականգնման ծրագրին։
Երեւանի մօտ Ֆրասայի դեսպան Օլիվիէ տը Քոթինյի ընկերային ցանցերու վրայ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որուն կցեց նաեւ պատմական վանական համալիրի լուսանկարը։ Տեղեկացնելով, որ իր երկիրը ներգրաւուած է վերականգնման նախագծին՝ ֆրանսացի դեսպանը նշեց հետեւեալը. «Տաթեւի վանքը հայկական մշակութային ժառանգութեան գոհարներէն է ու կը նշանաւորէ երկրի ինքնութիւնը»։
Այս պատմական վանքը կը գտնուի Հայաստանի հարաւի Սիւնիքի մարզին մէջ, որ Իրանին սահմանամերձ է։ Նկատի ունենալով, որ Սիւնիքի մարզը ներկայիս զանազան առումներով կռուախնձոր դարձած է՝ օտարերկրեայ դեսպաններ՝ մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու, պարբերաբար կ՚այցելեն այնտեղ։ Այս ամբողջին մէջ կրօնամշակութային ժառանգութիւնն ալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ: