ԱՄՆ-ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Ճինա Ռէյմոնտօ այս օրերուն կ՚այցելէ Չինաստան։ Քառօրեայ ուղեւորութեան ծրագրի առաջին փուլը կը հանդիսանան Փեքինի իր շփումները։ Անդրադառնալով Ուաշինկթըն-Փեքին յարաբերութիւններուն՝ Ճինա Ռէյմոնտօ ըսաւ. «Մեր միջեւ բնականաբար տարաձայնութիւններ պիտի ըլլան կարգ մը նիւթերու շուրջ։ Մենք կրնանք յառաջխաղացում արձանագրել՝ որքան ատեն որ ըլլանք բաց, յստակ ու գործնական»։

Փեքինի մէջ կառավարական պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումներու ժամանակ Ռէյմոնտօ յայտնեց, որ աշխարհի մեծագոյն երկու տնտեսութիւնները կը հանդիսանան Չինաստանն ու ԱՄՆ-ը եւ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ անոնց միջեւ կայուն տնտեսական յարաբերութիւններու ձեւաւորուիլը։ Չինաստանի առեւտուրի նախարար Ուանկ Ուէնթաոյի հետ հանդիպման ժամանակ Ճինա Ռէյմոնտօ օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնց ամերիկեան ընկերութիւնները դէմ յանդիման կը մնան չինական շուկայէն ներս գործունէութիւն ծաւալելու ժամանակ։ Իր կարգին, Ուանկն ալ նշեց, որ ԱՄՆ-Չինաստան տնտեսական յարաբերութիւնները ո՛չ միայն երկկողմանի առումով, այլեւ աշխարհի մնացեալ երկիրներուն տեսակէտէ ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Միջազգային աղբիւրները կը մատնանշեն, որ վերջին շրջանին երկու երկիրներու միջեւ այցելութիւնները դարձած են յաճախակի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023