ԱՊՕՐԻՆԻ ԵՒ ԱՆԲԱՐՈՅԱԿԱՆ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Արցախի պաշարման առկայ ծանր իրավիճակին մէջ տեղի ունեցան այս շփումները։ Մաքրոն արդէն նախընթաց օր Փարիզի մէջ յայտարարած էր, թէ շփման մէջ պիտի անցնէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Մաքրոն անդրադարձան տարածաշրջանի առկայ իրադրութեան։ Վարչապետը ընդգծեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծագած մարդասիրական տագնապի օրէ օր խորացումը։ Ան շեշտեց այս տագնապի յաղթահարման ու լուծման ուղղեալ քայլերու անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները ընդգծեցին տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերու կարեւորութիւնը։
Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները աւելի ծաւալուն մանրամասնութիւններով անդրադարձան Մաքրոն-Ալիեւ հեռախօսազրոյցի բովանդակութեան։ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահները քննարկած են տարածաշրջանի իրավիճակը, Աղտամ-Ստեփանակերտ եւ Լաչին (Բերձոր)-Ստեփանակերտ ճանապարհներու բացման հարցը։ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի օգտագործման դէմ արհեստական արգելքներ կը ստեղծուին, ինչ որ քաղաքական չարաշահումներու նպատակ կը հետապնդէ։ Ալիեւ նշեց նաեւ, որ Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչները կը մերժեն վերահամարկիլ իր երկրին հետ։ Իր կարգին, Մաքրոն նշած է, որ Ֆրանսա պատրաստակամ է բերելու իր նպաստը՝ առկայ կացութեան լիցքաթափման եւ լարուածութեան վերացման համար։
Նախագահ Մաքրոնի այս շփումներուն առընթեր, երէկ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան ալ հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Այսպէս, ան ապօրինի եւ անբարոյական որակեց Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ։ Փարիզի մէջ կազմակերպուած Ֆրանսայի դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Քոլոննա ըսաւ. «Խեղդամահ ընելու ռազմավարութիւնը, որու նպատակն է հրահրել հայերու զանգուածային արտագաղթը Լեռնային Ղարաբաղէն, ապօրինի է, ինչ որ արդէն սահմանուած է միջազգային դատարանին կողմէ։ Այս քաղաքականութիւնը նաեւ անբարոյական է։ Ֆրանսա ուժերը շարժման կ՚անցընէ յանուն Հայաստան-Ատրպէյճան արդար ու կայուն խաղաղութեան հաստատման»։ Ան համոզուած է, թէ սա թոյլ կու տայ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման։
Քոլոննայի խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան արդար եւ կայուն խաղաղութիւնը նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ապրի իր բնօրրանին մէջ եւ յարգուին անոր իրաւունքները, մշակոյթը եւ պատմութիւնը։
ՓԱՐԻԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Ֆրանսայի ղեկավարութեան կողմէ ցուցաբերուած այս ուշադրութեան զուգահեռ՝ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն ալ այցելութեան ձեռնարկած է դէպի Հայաստան։ Ֆրանսայէն ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնն ալ, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Արցախի համար նախատեսուած մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներուն նման, Լաչինի միջանցքի սկիզբին՝ Կոռնիձորի մէջ սպասումի մէջ է։ Անն Իտալկօ Հայաստան մեկնած է մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներու շարասիւնին ուղեկցելու, հետեւաբար կ՚այցելէ Լաչինի միջանցքը։
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ այս շրջանին իրերայաջորդ հանդիպումներ կ՚ունենայ՝ մասնաւորապէս Եւրոպայի երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ, որոնց նկատառման կը յանձնէ հայկական կողմին դիրքորոշումն ու ակնկալութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ ան տեսակցեցաւ նաեւ Եւրոխորհուրդի Մարդու իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սլովենիոյ Պլետ քաղաքին մէջ, ուր Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի միջազգային համաժողովի մը։
Նոյն համաժողովի ծիրէն ներս Արցախի հարցը քննարկեցին նաեւ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, որու հետ զրուցեց նաեւ Միրզոյեան։
ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ
Պաշարեալ Արցախէն ներս դաշտի վրայ ալ կարեւոր զարգացումներ տեղի կ՚ունենան։ Այսպէս, Ստեփանակերտէն կը հաղորդուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հացի արտադրութեան քանակը ա՛լ աւելի պիտի նուազի։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, որու իշխանութիւնն ալ կը կաղայ եւ օրակարգի վրայ է հրաժարականի հաւանականութիւնը, երէկ խորհրդարանէն ներս լայնածաւալ քննարկում մը կազմակերպեց առնուելիք յառաջիկայ քայլերուն վերաբերեալ։ Արցախի Ազգային ժողովէն ներս վեց ժամ տեւած արտահերթ նիստին մասնակցեցան նաեւ նախկին նախագահներ Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, որ հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Պաշարումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներքին քաղաքական եռեւեփն ալ միշտ կը շարունակուի։ Կը հաղորդուի, որ Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Պապայեան աշխուժացուցած է իր շփումները։ Երեւանեան կարգ մը թերթերն ալ գրած են, որ հարցաքննուած է նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, որ Մոսկուայի դրածոն կը նկատուի եւ մօտաւոր անցեալին հրաժարական տալու պարտաւորուած էր՝ Հայաստանի ղեկավարութեան ալ հաւանութեամբ, նաեւ Ատրպէյճանի ակնյայտ ճնշումներով։
Միւս կողմէ, Արցախի բնակչութիւնը արդէն փակած է Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը, որպէսզի Ատրպէյճանի կառավարութեան ուղարկած մարդասիրական օժանդակութիւնը մուտք չգործէ Լեռնային Ղարաբաղ։ Այդ գործողութիւնները կ՚ընթանան նաեւ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ։ Անոնք փշալարեր տեղադրած են ճանապարհին վրայ։
Բաց աստի, Երեւանի մէջ ալ անհանգստութիւնը կը շարունակուի՝ Արցախի մատնուած ծանր կացութեան հետեւանքով։ Երէկ, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի դեսպանատան առջեւ։ Ցուցարարները պահանջեցին ապահովել Արցախի ապաշրջափակումը։