ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՍՈՉԻԻ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ երկուշաբթի՝ սեպտեմբերի 4-ին Սոչիի մէջ պիտի ընդունուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Նախագահներու ժամադրութեան ընդառաջ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան վաղը պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։
Նկատի ունենալով, որ միջազգային հարթութեան վրայ Փութինի ճամբորդութիւններուն պարագային սահմանափակումներ խնդրոյ առարկայ են՝ Էրտողան պիտի մեկնի Ռուսաստան, հակառակ անոր, թէ նախապէս խնդրոյ առարկայ էր Փութինի Թուրքիա այցելելը։ Լրատուամիջոցները կը մատնանշեն, որ Էրտողան Փութինի հետ պիտի տեսակցի նախքան Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովի համար Հնդկաստան մեկնիլը։
Էրտողանի գլխաւորած ԱՔ կուսակցութեան բանբերը՝ Էօմէր Չելիք եւս վերջին օրերուն անդրադարձաւ նախագահներու մօտալուտ ժամադրութեան։ «Մեր նախագահը դիւանագիտութիւն յառաջ կը տանի, որպէսզի աշխարհ սննդամթերքի տագնապի մը դէմ յանդիման չմնայ։ Հանդիպումը Սոչիի մէջ պիտի կայանայ եւ, ըստ մեր արժեւորումներուն, այս այցելութիւնով նոր զարգացումներ կրնան ըլլալ հացահատիկի փոխադրութեան համար», ըսաւ Էօմէր Չելիք։