ԴԻԼԻՋԱՆԷՆ ՎԵՐՋ ՍԱՀՄԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու՝ Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած հաւաքի աւարտին այցելութիւն մը տրուեցաւ դէպի Կիրանց, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի հետ սահմանին։ Դեսպանահաւաքի մասնակիցները եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Դիլիջանէն ուղեւորուեցան դէպի սահման, ուր սահմանապահ զինուորականներու կողմէ դիմաւորուեցան եւ տեղեկութիւններ ստացան սահմանին վրայ արդէն իրականացուած կամ ընթացիկ աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Եռօրեայ աշխատաժողովին ժամանակ ծաւալուած քննարկումներէն վերջ, դիւանագէտներուն համար յատկանշանակ էր տեղւոյն վրայ պատկերացում մը կազմել սահմանի իրադրութեան մասին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2024