ԿԱՆՈՆԱԿԱՐԳԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու գործունէութեան մասին կանոնակարգը այսօրուան դրութեամբ ստորագրուեցաւ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ներկայիս սկսած է կողմերու ներքին ընթացակարգերու իրականացումը։ 19 ապրիլ 2024 թուականին ստորագրուած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի այս յանձնաժողովներու 8-րդ հանդիպման արձանագրութիւնը, ըստ որու՝ աւարտած էր անոնց համատեղ գործունէութեան վերաբերեալ կանոնակարգի համաձայնեցման աշխատանքը։ Այժմ արդէն Երեւան եւ Պաքու վերջնականօրէն ստորագրութիւն դրած են այդ փաստաթուղթին տակ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուեցաւ, որ ստորագրուած փաստաթուղթը ուղարկուած է Սահմանադրական ատեան։ Կառավարութեան աղբիւրներն ալ հաստատեցին այս տուեալը։ Կանոնակարգը ստորագրուած է բնօրինակ փաստաթուղթերու դիւանագիտական խողովակներով փոխանակման միջոցաւ։

Փաստաթուղթը սահմանուած կարգով հրապարակային կը դառնայ յառաջիկայ երկուշաբթի, ներքին ընթացակարգերու իրականացման շրջանակներէն ներս։ Հայաստանի կառավարութիւնը, խորհրդարանը կը քննարկեն այդ մէկը, իսկ Բարձրագոյն դատարանը զայն կ՚արժեւորէ Սահմանադրութեան համապատասխանութեան տեսակէտէ։

«Կողմերը համաձայնած են, որ սահմանազատման գործընթացին մէջ առաջնորդուին 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրով, տուեալ հիմնարար սկզբունքը կ՚ամրագրեն նաեւ կանոնակարգին մէջ», նշուած է կառավարութեան հաղորդումներուն մէջ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2024