ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՇԱՀԵՐ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ՝ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։ Նախարարը այս առթիւ յայտարարեց, որ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններու կենդանացումը նպաստաւոր է բոլորի շահերուն տեսակէտէ։ Պրիւքսէլի մէջ շուրջ երկու ժամ տեւած ժողովին մասնակցելու առընթեր, Ֆիտան ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ՝ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլի եւ այլ երկիրներէ պաշտօնակիցներուն հետ։ Ֆիտան յիշեցուց, որ Թուրքիա միջոցէ մը ի վեր այս հանդիպումներուն չէր հրաւիրուեր։ Ուստի, ան դրական իրադարձութիւն մը որակեց Պրիւքսէլին կողմէ Անգարա ուղարկուած հրաւէրը։ Նախարարը աւելցուց, որ Պրիւքսէլի մէջ շօշափուած են Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւնները։ Բաց աստի, մանրամասնօրէն արծարծուած է, թէ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային հարցերուն շուրջ ինչպէս կարելի է զարգացնել կողմերու համագործակցութիւնը։

Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, որ եւրոպացի գրեթէ բոլոր պաշտօնակիցները համամիտ են, թէ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան ու պաշտպանութեան քաղաքականութիւններու եւ մնացեալ բոլոր բնագաւառներու պարագային պէտք է կանոնաւոր երկխօսութեան մէջ ըլլալ Թուրքիոյ հետ, յառաջ տանիլ խորհրդակցութիւն։ «Անոնք մատնանշեցին Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի աւելի սերտ ու խոր խորհրդակցութեան եւ համատեղ քաղաքականութեան ձեւաւորման կարեւորութիւնը», ըսաւ Ֆիտան եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթերը թուարկելու ժամանակ յիշեց Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը, Կազզէի պատերազմը, Սուրիոյ, Իրաքի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ նիւթերը։

Պրիւքսէլի մէջ Ֆիտանի ունեցած երկկողմանի հանդիպումներու շարքին կարեւորագոյնն էր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Երափեթրիտիսի հետ տեսակցութիւնը։ Ֆիտան շեշտեց, որ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններու եւ Կիպրոսի հիմնախնդրի առընչակից դարձուիլը առողջ ձեւ մը չէ ու չի կրնար որեւէ արդիւնք տալ։

«Մենք կը փափաքինք ընթանալ դրական օրակարգի մը վրայով։ Եթէ Եւրոմիութիւնն ալ նոյն ձեւով դրական մօտեցում մը ցուցաբերէ, ապա սա բոլորի շահերուն տեսակէտէ նպաստաւոր պիտի ըլլայ», եզրափակեց նախարարը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2024