30 ՕԳՈՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ, մեծ շուքով մը այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման ճանապարհին։ Այդ յաղթանակի ոգին միշտ մնաց արծարծուած եւ դարձաւ հասարակաց յայտարար մը՝ երկրի նուաճումներուն եւ յառաջընթացին, վերելքին ու զարգացման տեսակէտէ։
30 Օգոստոսի մեծ յաղթանակի տօնին ամբողջ երկիրը այսօր հերթական անգամ երանութեամբ եւ անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքն ու լծակից ընկերները։ Տօնը նաեւ առիթ դարձած է, որպէսզի ամբողջ Թուրքիան ամրապնդուի այն գիտակցութեան մէջ, թէ երկրի ամբողջականութեան ու միասնականութեան պահպանման ճանապարհին բաժին կը վիճակի իւրաքանչիւր քաղաքացիին։ Արդարեւ, միայն այս համատարած պատասխանատուութեան գիտակցութեան շնորհիւ արծարծուած կը մնայ մեծ յաղթանակի ոգին, որ ժամանակներու մէջ պետութիւնը յաւերժացնելու հիմնական գրաւականն է։
Մեծ յաղթանակի տարեդարձին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ հրապարակած է մասնաւոր պատգամ մը։ Նախագահ Էրտողան երախտագիտութեամբ ոգեկոչած է մեծ յաղթանակի հրամանատար Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքն ու զինակից ընկերները։