ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի երկու նախկին յառաջատար դէմքեր երէկ ձերբակալուեցան Ատրպէյճանի կողմէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պաքու սկսած է Արցախի զինուորականները ձերբակալել։ Այսպէս, Լաչինի միջանցքի անցակէտին մէջ երէկ ձերբակալուեցան Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, նախկին պաշտպանութեան նախարար (2015-2018) Լեւոն Մնացականեան եւ Պաշտպանութեան բանակի նախկին փոխ-հրամանատար Դաւիթ Մանուկեան։ Ատրպէյճանն ալ պաշտօնապէս հաստատեց անոնց ձերբակալուած ըլլալը։ Այս երկու բարձրաստիճան զինուորականները Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան արագ արձագանգման ուժերու աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ տարուեցան Պաքու, ուր յանձնուեցան պատկան պետական մարմիններու։ Հայկական զանազան աղբիւրներ երէկ հաղորդեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անվտանգ ձեւով դուրս բերումը ապահովելու նպատակով։

Միւս կողմէ, հայկական մամուլին մէջ նաեւ կը հնչեն քննադատութիւններ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազութիւնն ալ միջազգային հետախուզում չի յայտարարեր՝ պահանջելով կալանաւորումը Ատրպէյճանի զօրավարներուն, որոնք ահաբեկչութիւն կ՚իրականացնեն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2023