ՏԱՐՀԱՆՈՒՄԸ ԱՒԱՐՏԵԼՈՒ ՎՐԱՅ Է. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՅԵՐ ՊԻՏԻ ՉԱՊՐԻՆ ԱՐՑԱԽԷՆ ՆԵՐՍ

Արցախէն տարհանումը ամբողջ թափով ընթացքի մէջ է։ Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ այն վիճակագրութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներուն շուրջ 80 տոկոսը արդէն լքած է իր հայրենիքը եւ փոխադրուած Հայաստան։ Ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն, երէկ, ժամը 22.00-ի դրութեամբ, Արցախէն Հայաստան բռնի տեղահանուածներուն թիւը հասած է 98 հազար 929-ի։ Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհով, Լաչինի միջանցքի Հակարիի կամուրջով կը փոխադրուին գաղթականները, որոնց օգնելու եւ կարիքներու դիմագրաւման նպաստելու համար Հայաստանի մէջ հազար կամաւոր հերթագրուած է։ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան երէկ «Սփութնիք-Արմենիա»ին յայտարարեց, որ արդէն մէկ օրուան ընթացքին Արցախէն դուրս կու գայ վերջին քաղաքացին եւ կ՚աւարտի բռնի տեղահանուածներու հոսքը դէպի Հայաստան։ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանն ալ երէկ այցելեց Գորիս քաղաքի բժշկական կեդրոնը, ուր տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ տեղահանեալներու առողջական վիճակին։ Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքն է, որ առաջին հերթին կ՚ընդունի տեղահանեալ Արցախի ժողովուրդը։ Երեւանի Պետական համալսարանն ալ երէկ տեղեկացուց, որ պատրաստ է ընդունիլ Արցախէն դուրս եկած ուսանողները։

Մինչ Հայաստանի պետական մարմինները կը փորձեն հնարաւորը ընել արցախցիներուն համար, միջազգային կազմակերպութիւններն ու այլ երկիրներն ալ կը ջանան օժանդակութիւն փութացնել՝ գաղթականներու կարիքներու դիմագրաւման համար։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշադրութիւն գրաւեց Ֆրանսայի կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն ֆրանսական օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի Զուարթնոց օդակայանը, ուր դուրս բերուեցաւ՝ ընդհանրապէս բժշկական անհրաժեշտ սարքաւորումներէ եւ այլ կարիքներէ բաղկացեալ մարդասիրական օժանդակութիւնը։

Միջազգային այս ջանքերու համայնապատկերին վրայ, երէկ, իսկապէս զգայացունց էր Լեմքինի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման կաճառին յայտարարութիւնը։ Արդարեւ, այս կառոյցը աշխարհի առաջնորդները մեղադրեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղասպանութեան մեղսակից դառնալու համար։ Կաճառը, միեւնոյն ժամանակ, մոլորութիւն որակեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ արտայայտուած այն համոզումը, թէ Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմը կրնայ բարեխիղճ բանակցութիւններ վարել։ «Ցեղասպանութիւնը պարզապէս տարաձայնութիւններ ունենալու խնդիր մը չէ։ Աւելի՛ն, ենթադրել, որ ԱՄՆ որեւէ դեր չէ խաղացած՝ նպաստելով Ալիեւի անպատժելիութեան ցեղասպանութիւն իրականացնելու գործին մէջ, լաւագոյն պարագային սուտ է։ Լեմքինի կաճառը կը նախազգուշացնէ համաշխարհային առաջնորդները, թէ անոնք այնպէս մը կը վարուին, որ հնարաւոր կը դարձնեն իրենց հանդէպ ո՛չ միայն ցեղասպանութեան մեղսակցութեան մեղադրանքները, այլեւ յանցագործութեան օժանդակելու եւ զայն դրդելու մեղադրանքները», նշուած է կառոյցի յայտարարութեան մէջ։

Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Հայաստանի ղեկավարութեան հասցէագրուած սուր քննադատութիւններն ալ կը շարունակուին։ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի յօդուածին մէջ պատմաբան Միհրան Յակոբեան գրեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց հազարամեայ պատմութիւնը եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Արցախի մէջ հայեր պիտի չապրին։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպումը։ Ատրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ ծաւալուած քննարկումներէն վերջ յայտարարուեցաւ, որ օրակարգի վրայ էին մարդասիրական հարցերն ու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերահամարկումը։ Այս ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է յաջորդ երկուշաբթի՝ հոկտեմբերի 2-ին, Ստեփանակերտի մէջ։ Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ երէկ ըսաւ. «Պաշտօնապէս կը յայտարարենք՝ հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի պաշտպանուին»։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2023