«ԱՐԱՍ»Ի ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԻ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳՐՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ՎԱՌ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՄԲ

«Արաս» հրատարակչութիւնը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, այս տարի Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառին մասնակցութիւն կը բերէ արդէն այս յոբելենական շրջանին։ TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի համալիրէն ներս, «Արաս»ի տաղաւարը շաբաթավերջին հոծ թիւով գրասէրներու ժամադրավայրը հանդիսացաւ։ Ամբողջ անձնակազմն ալ համակուած էր յոբելեանի բարձր տրամադրութեամբ։

Տօնավաճառի առաջին երկու օրերուն «Արաս»ի տաղաւարին մէջ իրենց գիրքերը մակագրեցին՝ Թագուհի Թովմասեան, Հիւսէյին Ըրմաք եւ Մահիր Էօզքան։

Մինչեւ տօնավաճառի աւարտը «Արաս»ի տաղաւարին մէջ ամէն օր նախատեսուած են նման ձեռնարկներ։ Թէեւ, հասկնալիօրէն, հրատարակչատան տաղաւարին մէջ առաջին հերթին թրքերէն գիրքեր կը մատուցուին այցելուներու համար, սակայն, հսկայական այս նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ «Արաս»ին վիճակած է հայոց այբուբենի տառերուն հարթակ տրամադրելու առաքելութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2023